2015 թուականին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած է 16.5 հազար օտարերկրեայ զբօսաշրջիկ: Այս մասին, ըստ News.am-ի, Մարտ 21-ին Երեւանի մէջ լրագրողներուն յայտնած է ԼՂՀ տնտեսութեան փոխ նախարար Սերկէյ Շահվերդեանը:
Անոր խօսքով` քանի մը տարի շարունակ այդ այցելութիւններուն թիւը տարեկան 30-40 տոկոսով կ’աճէր: 2014 թուականին այդ աճը դանդաղած էր մինչեւ 13 տոկոս, սակայն 2015-ին ցուցանիշը նորէն աճած է: «Իսկ եթէ խօսենք Հայաստանի Հանրապետութիւնից եւ Սփիւռքից ժամանող զբօսաշրջիկների մասին, ապա այդ թիւը շատ աւելի մեծ է»,- ըսած է Շահվերդեան:
Արտասահմանեան երկիրներէն Արցախ կը ժամանեն հիմնականօրէն Ռուսիայէն, այցելուներուն մեծ մասը ծագումով հայեր են: Երկրորդ տեղը ԱՄՆ-ն, յետոյ` եւրոպական երկիրներն են: