2017-ը Զբօսաշրջութեան ոլորտին համար վերջին եօթը տարիներուն ամենայաջողը եղած է

Զբօսաշրջութեան ​​հոսքի ամենամեծ աճը արձանագրուած է եւրոպական երկիրներու եւ Ափրիկէիի մէջ, կը վկայեն ՄԱԿ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (UNWTO) զեկոյցի տուեալները։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը հաղորդէ Nat-geo-ն:

Անցեալ տարի զբօսաշրջիկներու համաշխարհային թիւը կազմած է 1.322 միլիառ մարդ: Ասիկա վերջին եօթը տարիներուն ամենաբարձր ցուցանիշն է:

«Համեմատելով 2016-ի հետ` զբօսաշրջիկներուն թիւը, ընդհանուր առմամբ, աճած է եօթը տոկոսով: Առաւել մեծ աճը (+ 8 տոկոս) ցոյց տուած են եւրոպական երկիրները եւ Ափրիկէն: Ընդհանուր առմամբ 2017 թուականին Եւրոպա այցելած է մօտ 671 միլիոն մարդ, իսկ Ափրիկէ ​​այցելած է այս տարածաշրջանին համար ցուցանիշ համարուող 62 միլիոն զբօսաշրջիկ»,- նշուած է զեկոյցին մէջ:

Ըստ UNWTO-ի` 2018 թուականին դրական միտումը պիտի շարունակուի եւ զբօսաշրջիկներուն հոսքը պիտի աճի 4-5 տոկոսով: