CAUCASUS HERITAGE WATCH. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑԵՆ ՇՈՒՇԻԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ» 

Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (Caucasus Heritage Watch) ահազանգելով կը տեղեկացնէ, որ 5 Հոկտեմբերէն մինչեւ 3 Նոյեմբեր ժամանակահատուածին մէջ ատրպէյճանցիները հողաբարձ մեքենաներով ճանապարհ կը հարթեն Շուշիի պատմական գերեզմանատան ընդմէջէն, որը ծանօթ է որպէս Երեւանեան դարպասներու մօտակայքի գերեզմանոց։

Համապատասխան արբանեակային պատկերները հրապարակուած են կազմակերպութեան X-ի հասարակական ցանցին վրայ։

Ինչպէս յիշուած է գրառումին մէջ, խիտ անտառը կը ծածկէ գերեզմանոցը, ուստի անոր սահմանները տեղորոշելու համար կազմակերպութիւնը կիրառած է Շուշիի մասին հրապարակումներն ու քարտէզները։

Ծառերուն միջեւ կայ առնուազն 78 տապանաքար հայերէն տապանագիրերով, որոնք թուագրուած են 1802-1913 թուականներուն։ Ցարդ յայտնի չէ, թէ անոնցմէ քանի՞ն վնասուած է։