Զբօսաշրջութեան ոլորտի փորձագէտներու կարծիքներու հիման վրայ Forbes կազմած է ամենագեղեցիկ 17 քաղաքներու ցանկը, ուր կարելի է այցելել գարնան:
Ի թիւս այլ քաղաքներու, ցանկին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Գիւմրին` Հայաստանի երկրորդ ամենամեծ քաղաքը:
«Գերմանիայէն եւ Յունաստանէն դէպի Գիւմրի խնոյողական օդանաւային ընկերթւթիւններու (budget airline) նոր չուերթերու մեկնարկով Հայաստանի երկրորդ քաղաքը, վերջապէս, ուշադրութեան կեդրոնին կը յայտնուի եւ այլեւս չի զուգորդուիր միայն 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին հետ», — կ’ըսուի յօդուածին մէջ:
Գիւմրին յայտնի է իր գոյներով ու մշակութային հաստատութիւններով, համեղ ուտեստներով, նաեւ ամէնէն զուաթամիտ գիւմրեցիներով:
Forbes-ի ցանկին մէջ ընդգրկուած են այնպիսի վայրեր, ինչպիսիք են Լոնտոնը, Վանգուվըրը, Թիֆլիսը, Մարոքը եւ Իսլանտիան: