FREE ARMENIAN PRISONERS. «ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԵՆՔ ՊԼԻՆՔԸՆԸ՝ ՀԱՅ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐԸ ԱՆՅԱՊԱՂՕՐԷՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ԴԱՐՁՆԵԼ»

Մինչ դիւանագէտներ կը հանդիպին Ուաշինկթընի մէջ՝ ԱՄՆ միջնորդութեամբ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն համար, հայ բանտարկեալները կը հիւծին ատրպէյճանական բանտերուն մէջ. սա ակնյայտօրէն կը հակասէ խաղաղութեան որեւէ հռետորաբանութեան: Այս մասին նշուած է Free Armenian Prisoners-ի Դիմատետրի էջին վրայ:

«Մենք կը յորդորենք ԱՄՆ պետքարտուղար Անթընի Պլինքընը՝ հայ բանտարկեալները անյապաղօրէն ազատ արձակելու հարցը առաջնահերթութիւն դարձնել: Չի կրնար ճշմարիտ խաղաղութիւն ըլլալ, այնքան ատեն որ մարդիկ ապօրինի կալանաւորուած են տակաւին:

Մենք կոչ կ’ուղղենք ԱՄՆ Պետքարտուղարութեան ու ԵԱՀԿ-ի ԱՄՆ առաքելութեան՝ դիմելու որոշ գործողութիւններու եւ ոչ միայն խօսելու։ Տեւական խաղաղութիւնը կրնայ կառուցուիլ միմիայն արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու յարգանքի հիմքին վրայ», արձանագրուած է յայտարարութեան մէջ: