Ահաբեկում, մեկուսացում, բռնութիւն. այս երեք բառերով կը բացատրուի, թէ այսօր ինչո՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայեր չկան: Freedom House-ը եւ 6 այլ կազմակերպութիւններ յստակ օրինակներով ու մանրամասն վերլուծութեամբ պատրաստած են 130 էջնոց զեկոյց մը, որ 11 Նոյեմբերին ներկայացուեցաւ Երեւանի մէջ՝ Պաքուի մէջ ընթացող ՔՈՓ29-ին զուգահեռ:
Միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան մասնակցողները կ’ընդգծեն, որ Ատրպէյճանի վարչակարգը ցեղային զտումի ենթարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը, իշխանութիւնները միտումնաւոր կերպով արշաւ իրականացուցած են Լեռնային Ղարաբաղը հայերէ դատարկելու համար:
«Սա, ըստ երեւոյթին, առաջին միջազգային փորձն է՝ կատարելու փաստահաւաք աշխատանք, հաւաքելու վկայութիւններ, կատարելու իրաւական վերլուծութիւն ու ցոյց տալու այն, ինչ տեղի ունեցած է զոհերուն աչքերով: Freedom House-ը եւ մեր միջազգային ու տեղական գործընկերները փաստագրած են նախորդ չորս տարիներու ընթացքին ատրպէյճանական պետութեան կողմէ իրականացուած, թիրախաւորուած ու համակարգուած քաղաքականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն նկատմամբ», մատնանշեց Հայաստանի մէջ Freedom House-ի իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ՝ Անդրանիկ Շիրինեան:
Ան յայտնեց, որ փաստահաւաք զեկոյցը մէկ տարուան ընթացքին պատրաստուած է՝ պատերազմ, շրջափակում, տեղահանութիւն բաժիններով։ Յաջորդաբար ներկայացուած է, թէ ինչպէ՛ս Պաքու իրականացուց իր ծրագիրը:
Ըստ մասնակցողներէն Ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնարկի ներկայացուցիչ՝ Ալէն Շադունցի, տեղահանուած արցախցիներուն հետ աւելի քան 300 մանրակրկիտ հարցազրոյցներ, բաւարար էին ցոյց տալու աղէտին տարողութիւնը: «Հելսինկեան քաղաքացիական համաձայնագիր»-ի Վանաձորի գրասենեակի ներկայացուցիչ՝ Վարդինէ Գրիգորեան շեշտեց, որ զրուցակիցներուն մեծ մասը չէր հաւատար, որ պատմութիւնը այս բեմադրութեամբ պիտի ընթանար՝ նկատի ունենալով ռուս խաղաղապահներու գործօնը:
«Մենք նաեւ իրականացուցած ենք բաց աղբիւրներու տուեալներու հաւաքագրում, որն ալ համադրած ենք արբանեակէն ստացուած լուսանկարներու հետ, անոր հետ մէկտեղ մենք նաեւ հետեւած ենք ատրպէյճանական կողմի հռետորաբանութեան, որպէսզի ցոյց տանք, թէ տեղւոյն վրայ իրականացուող քաղաքականութիւնը ինչպէ՛ս համադրուած է ատելութեան խօսքի, դաւադրապաշտական տեսութիւններու հետ», յայտնեց Շադունց:
«Կը փորձէին հասկնալ, թէ արդեօք որեւէ փորձ եղա՞ծ է թէկուզ ժամանակաւորապէս վերադառնալու այն տարածքներ, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ, կ’ըսուէր՝ թէ նոյնիսկ երբ փորձած են գերեզմաններ այցելել կամ այլ տարբեր միջոցներ, այդ պարագաներուն առաջին կանխարգելումը եղած է՝ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ, որոնք ըսած են, որ իրենք չեն կրնար ապահովել այցելողներու անվտանգութիւնը: Փաստօրէն մարդիկ որեւէ կարելիութիւն չեն ունեցած վերադարձի, այս երեւոյթին զուգահեռ մենք կը տեսնենք ատրպէյճանական հռետորաբանութիւնը, որ իբրեւ թէ առիթ կու տար վերահամարկումի», իր կարգին ըսաւ Վարդինէ Գրիգորեան:
Զեկոյցի համահեղինակ «Միջազգային գործընկերութիւնը յանուն մարդու իրաւունքներու» կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի հարցերու գծով տնօրէն՝ Սիմոն Փափուաշվիլի, Պրիւքսէլէն ուղիղ կապով միանալով, Երեւանին յայտնեց, որ յաջորդ քայլը՝ ձեռք բերուած ապացոյցներու ծրարներու հիման վրայ դիմելն է Միջազգային քրէական դատարան՝ յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու պահանջով:
Ըստ Արցախի նախկին պետական նախարար՝ Արտակ Բեգլարեանի, ասիկա կը հանդիսանայ այն անկախ զեկոյցը, զոր Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան դիւանագէտներ կ’ակնկալէին ստանալ, հասկնալու համար, թէ ի՞նչ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ: Կա՞յ արդեօք պատկերացում, թէ ի՛նչ արձագանգ կարելի է սպասել Ուաշինկթընէն։
«Միակ բանը, որ կրնամ ըսել այն է, որ իրենք եւս կը սպասեն ամբողջական զեկոյցի հրապարակման՝ իրենց եզրայանգումները կատարելու համար», ըսաւ Հայաստանի մօտ Freedom House-ի ներկայացուցիչը:
«Ամէն ինչի մասին խօսուեցաւ, բացի Հայաստանի կառավարութեան դերակատարութենէն, պատասխանատուութեան բացակայութենէն», զեկոյցին մասին ըսաւ Հադրութէն տեղահանուած Մարգարիտա Քարամեան:
Փաստահաւաք ուսումնասիրութեան համահեղինակ «Իրաւունքներու պաշտպանութիւն առանց սահմաններու» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ՝ Արաքս Մելքոնեան յայտնեց, որ զեկոյցին մէջ Հայաստանի կառավարութեան առաջարկներ ներկայացուած են: «Մենք մեզ խաբելով ոչ մէկ տեղ կրնանք հասնիլ: Այստեղ շատ կարեւոր է նաեւ որոշակի հանրային պահանջը», ըսաւ Մելքոնեան:
Աւարտին յիշենք, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին փաստահաւաք զեկոյցը անգլերէնով է, թիրախը՝ միջազգային հանրութիւնը: