Հայկական որբանոցը` թուրքերը քանդել կ’ուզեն

Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա նահանգին մէջ գտնուող Թուզլա գիւղի «Արմէն» հայկական որբանոցը կը գտնուի քանդումի վտանգին առջեւ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Երկիր»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը՝ որբանոցը կրնայ քանդուիլ Մայիսին, այդ տարածքին մէջ շքեղ առանձնատուներ կառուցելու նպատակով: Այդ որոշումին դէմ քաղաքացիներ արշաւի սկսած են համացանցով (#KampArmen):
Նշենք, որ հայկական այս որբանոցին մէջ հասակ նետած են «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքն ու անոր ապագայ կինը՝ Ռաքելը: