Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունած է Կ․ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ուխտաւորները

Յունիս 19-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ուխտաւորաբար Հայաստան ժամանած Կ․ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Պէյօղլու շրջանի հայկական համայնքի վարչական եւ թաղային խորհուրդի անդամները՝ ուղեկցութեամբ Պէյողլու շրջանի հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տ․ Յարութիւն վարդապետ Տամատեանի եւ թաղային խորհուրդի ատենապետ տիար Աքսել Թոփալեանի։

Հանդիպման ընթացքին, Հայր Սուրբը՝ Նորին Սրբութեան ներկայացնելով ուխտաւորները՝ տեղեկութիւններ փոխանցեց Սթամպուլի Պէյօղլու շրջանի հայկական համայնքի գործունէութեան մասին։

Իր օրհնութիւնը բերելով ուխտաւոր հայորդիներուն՝ Հայոց Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ պոլսահայ համայնքի ամուր հաւատքին, ծառայանուիրումին, եկեղեցասիրութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ ունեցած անվերապահ սիրոյն։ Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը յորդորեց պոլսահայ ուխտաւորները նոյն նախանձախնդրութեամբ զօրացնելու իրենց հաւատքն առ Աստուած, սէրն առ մայր Եկեղեցին եւ պահպանել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը։