Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հիւրընկալեց Արեւելեան Ուղղափառ-Կաթոլիկ երկխօսութեան յանձնախումբի անդամները

Փետրուար 2-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Յունուար 30-Փետրուար 4 Մայր Աթոռի մէջ իր հերթական` 15-րդ հանդիպումը իրականացնող Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ յանձնախումբին անդամները:

Տարբեր երկիրներէ ժամանած շուրջ 30 մասնակիցները կը քննարկեն այս օրերուն եկեղեցաբանութեան առնչուող շարք մը հարցեր` կեդրոնանալով յատկապէս ապաշխարութեան, ձեռնադրութեան եւ հիւանդաց օծման խորհուրդներուն վրայ:

Հանդիպման ընթացքին՝ յանձնախումբի անդամ, ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց յանձնախումբի համանախագահներն ու անդամները:

Ապա, յանձնախումբին անունով Ամենայն Հայոց Հայրապետը ողջունեցին եւ յանձնախումբի աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Քրիստոնէական միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Նորին Սրբազնութիւն քարտինալ Գուրդ Գոխը (Կաթոլիկ Եկեղեցի) եւ Գահիրէի Ղպտական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի տնօրէն, Տամիեդդի, Պարարի, Քաֆր էլ Շէյքի միթրոփոլիթ Գերաշնորհ Անպա Պիշոյը (Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցի): Վերջիններս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբութեան ցուցաբերուած ջերմ հիւրընկալութեան համար:

Այնուհետեւ ներկաներուն իր հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները բերաւ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց յանձնախումբին հերթական ժողովի գումարումը Մայր Աթոռի մէջ` ընդգծելով, որ Սուրբ Էջմիածինը պատրաստակամ է մշտապէս հիւրընկալելու Քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդգծեց Եկեղեցիներու գործակցութեան եւ ջանքերու մէկտեղման անհրաժեշտութիւնը մարդկութեան առջեւ ծառացած ժամանակակից մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին մէջ:

Բարի ընթացք մաղթելով յանձնախումբի աշխատանքներուն՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետը եղբայրական իր ջերմ ողջոյնները փոխանցեց Քոյր Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն, աղօթքն ու օրհնութիւնը` հոգեւոր դասին եւ հաւատացեալներուն: Գարեգին Բ Կաթողիկոսը մաղթեց, որ Աստուած զօրացնէ սէրն ու գործակցութիւնը Եկեղեցիներու միջեւ եւ արդիւնաւորէ անոնց առաքելութիւնը ազգերու եւ ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան համար:

Հանդիպումը աւարտեցաւ հայրապետական «պահպանիչ» աղօթքով: