Արարատի վրայ Նոյեան Տապանի գոյութեան հնարաւոր ապացոյցներ գտնուած են

ԱՄՆ Geoscience ուսումնարանի գիտնականները յայտարարած են, որ Արարատ լերան վրայ գտած են Նոյեան Տապանի մասին աստուածաշնչեան պատմութեան ապացոյցները:

Աշխարհի աւելի քան 100 հետազօտող հաւաքուած էր Թուրքիա` Արարատ լերան վերաբերեալ եռօրեայ միջազգային հաւաքոյթին, գիտնալու համար, թէ կրնա՞ն արդեօք իրենք գտնել այն վայրը, ուր, ըստ աւանդապատումի, կանգ առած է Նոյեան Տապանը։ Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, գրած է բրիտանական Daily Mail-ը:

Նշենք, որ 2010-ին, խումբ մը չինացի եւ թուրք գիտնականներ կազմակերպած էին գիտարշաւ` ուսումնասիրելու համար այն շրջանը, ուր կանգ առած է Նոյեան Տապանը, եւ գտնելու համար անոր մնացորդները: Գիտարշաւէն քանի մը շաբաթ անց՝ անոնք յայտարարեցին, որ 4000 մ. բարձրութեան վրայ գտած են 150 մ. երկարութեամբ եւ նաւու մնացորդներ յիշեցնող փայտի կտորներ: