Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան այցելած են Հայաստանի հարաւ-արեւմտեան սահմանագիծ` նախիջեւանեան ուղղութեամբ Ատրպէյճանի հետ սահման: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Այնտեղ ծանօթանալով տիրող իրավիճակին` երկու նախարարները զօրամիաւորման հրամանատարութեան հետ քննարկեցին սահմանային ուղղութեան ծառայութեան առանձնայատկութիւնները: Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հրամանատարութեան յանձնարարեց ըլլալ միշտ զգօն, չտրուիլ որեւէ սադրանքի, սակայն խստագոյնս կանխել հակառակորդին կողմէ որեւէ առաջխաղացում»,- գրած է Յովհաննիսեան: