«Ես Եմ» ծրագիրով զօրակոչին ընդառաջած է 150 երիտասարդ

Պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) «Ես եմ» ծրագիրով բանակին ծառայելու համաձայնութիւն տուած են 150 քաղաքացիներ, որոնք արդէն կնքած են պայմանագիր եւ մեկնած են ծառայութեան վայր:

Ըստ Razm.info-ի տեղեկութիւններուն՝ բանակի գլխաւոր շտապի պետ զօրավար Մովսէս Յակոբեան «Հեռանկար» հաղորդաշարի եթերէն յայտնած է, որ այս պահու դրութեամբ երկու տոկոսով աճած է զօրակոչին թիւը:

Ըստ զօրավար Յակոբեանի՝ «Ես եմ» ծրագիրի գործադրումը պիտի բարձրացնէ բանակին մարտունակութիւնը:

«Բանակը կը շահի աւելի պատրաստուած զինծառայող՝ քիչ մը աւելի երկար ծառայող, մէկ տարի: Բոլորին պարզ է, որ զինուորը կը զօրակոչենք զինուորական գործէն գրեթէ ոչինչ իմանալով, պատրաստելով զինուոր 6-ամսեայ ծրագիրէն ետք, ինքը կը կատարելագործուի եւ իբրեւ այդպիսին լաւ զինուոր կը դառնայ մէկ տարի ետք: Եւ մէկ տարի հայրենիքին ծառայելէն ետք ան կը զօրացրուի: Մենք պիտի շահինք բաւական պատրաստուած զինուոր՝ եւս մէկ տարի ծառայող, եւ ասիկա միանշանակ պիտի բարձրացնէ բանակին մարտունակութիւնը»,-  նշած է զօրավար Յակոբեան: