Երեւանի քաղաքապետարանին դիմաց ցուցարարները կը պահանջեն քաղաքապետի հրաժարականը

Երեւանի քաղաքապետարանի մօտ խումբ մը քաղաքացիներ ցոյց կ՝ընեն՝ պահանջելով Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաժարականը: Ցոյցին միացած են նաեւ աւագանիի «Ելք» եւ «Երկիր ծիրանի» խմբակցութիւններուն անդամները:

Ցոյցին մասնակիցները փակած են Երեւանի քաղաքապետարանի դիմացի փողոցը, որուն պատճառով կանգնած է երթեւեկութիւնը՝ Արգիշտի եւ յարակից հատուածներուն մէջ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին, աւագանիի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Խաժակեան ըսած է, որ Տարօն Մարգարեանի հրաժարականի պահանջ իրենց խմբակցութիւնը եւս ներկայացուցած է: «Գործնական պահանջի մասով մենք կը սպասենք խմբակցութեան մեր միւս ընկերներուն, որպէսզի կարենանք նիստ իրականացնել եւ գործնական քայլերու մասին քննարկում իրականացնել»,-ըսած է Խաժակեանը:

Անդրադառնալով Երեւանի քաղաքապետի նոր թեկնածուին, «Ելք» խմբակցութեան ղեկավարը նշած է, որ ան պէտք է ընտրուի աւագանիի անդամներէն: «Աւագանիի ՀՀԿ-ական ոեւէ անդամ, չեմ կարծեր, թէ նման բեռ իր վրայ վերցնէ: Մեր երկրին մէջ իրապէս բան փոխուած է եւ այդ իրողութիւններուն հետ պէտք է հաշուի նստիլ»,- ըսած է Խաժակեանը:

Անոր խօսքով՝ խմբակցութիւնը քաղաքապետի հրաժարականին հետ կապուած գործնական հարցերը պիտի քննարկէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամներուն հետ, որոնք այս օրերուն զբաղած են նոր կառավարութեան ձեւաւորման հարցերով: «Քննարկումները պէտք է մօտ ապագային տեղի ունենան եւ որոշումները կայացուին խմբակցութեան մակարդակով»,- ըսած է ան:

Տարօն Մարգարեանը Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը ստանձնած է 2011 Նոյեմբեր 15-ին՝ ընտրուելով Երեւանի աւագանիին կողմէ: Ան վերընտրուած է 2017 Մայիս 14-ին: