Փետրուարի 7-ին` մօտ ժամը 13:50-ին, ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, Ատրպէյճանի կողմէն արձակուած կրակոցէն մահացու վէրք ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Հայկ Ռազմիկի Քալանթարեանը:
Այս մասին կը յայտնեն Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: