Մարդկութեան իր քաղաքականութեամբ եւ կեցուածքով օգուտ բերող երկիրը` «լաւ երկիր» է։ Կան երկիրներ, որոնք բեռ են մարդկութեան համար, կան երկիրներ, որոնք ցանկին վրայ գրաւած են միջին հորիզոնականները:
163 երկիր ներառող հետազօտութեան իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանը գրաւած է 75-րդ տեղը։
«Լաւ երկիր» (Good Country) եզրոյթը հեղինակած է East Anglia բրիտանական համալսարանի պատուաւոր փրոֆէսըր Սայմոն Անհոլթը, որ անցեալ երկու տասնամեակներուն ընթացքին համագործակցած է աւելի քան 50 պետութիւններու նախագահներու եւ վարչապետերու հետ, այցելած է բազմաթիւ քաղաքներ, շրջաններ, գաւառներ:
Այդ քսան տարիներու աշխատանքին իբրեւ արդիւնք՝ ծնած է «Լաւ երկիր»-ի ցուցիչ կազմելու գաղափարը: Մարդկութեան կեանքին մէջ առանձին երկիրներու դերին մասին հինգ գիրքերու հեղինակ Անհոլթը՝ իր գործընկերներուն հետ՝ 2005-էն սկսեալ կը հաշուարկէ «Լաւ երկիր»-ի ցուցիչը:
Ի դէպ, ցուցիչը հաշուի չ՝առներ տուեալ երկրի ներքին քաղաքականութիւնը, քանի որ վերլուծական կեդրոնները այդ թեմայով ամէն տարի կը հրապարակեն տասնեակ մանրամասն զեկոյցներ:
Ցուցիչը հաշուարկելու համար փորձագէտները կ՝օգտագործեն 35 հետազօտութիւններու տուեալները, անոնց մեծ մասը կը տրամադրէ ՄԱԿ-ը:
Մասնագէտները այդ տուեալները կը տեղաւորեն ըստ եօթը հիմնական բնագաւառի` գիտութիւն եւ ճարտարագիտութիւն, մշակոյթ, միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն, աշխարհակարգ, մոլորակ եւ կլիմայ, բարգաւաճում եւ հաւասարութիւն, առողջութիւն եւ բարեկեցութիւն:
Օրինակ, կրթութեան եւ ճարտարագիտութեան բնագաւառին մէջ հաշուի կ՝առնուին տուեալ պետութեան մէջ ուսանող օտարերկրացի ուսանողներու, դուրսէն ստացուող գիտական հանդէսներու, արտասահմանեան պարբերականներու մէջ այդ երկրի գիտնականներուն հրապարակած յօդուածներուն եւ վերջապէս, այդ երկրէն Նոպէլեան մրցանակակիրներուն թիւը:
Խաղաղութեան բնագաւառին մէջ հաշուի կ՝առնուին այդ երկրէն միջազգային իրաւագիրով թէժ գօտիներու վրայ ծառայող խաղաղապահներուն թիւը:
Մշակոյթի բնագաւառին մէջ հաշուի կ՝առնուին համագործակցութիւնը UNESCO-ի հետ, այդ երկրէն արտահանուող հեղինակային ծրագիրները եւ ծառայութիւնները, մամուլի ազատութեան մակարդակը:
Ցուցիչին նպատակն է նախաձեռնել քննարկում, որուն թեման առանձին երկիրներու պիտանելիութիւնն է համայն աշխարհի տեսակէտէն: Հաշուի կ՝առնուին բազմաթիւ կարեւոր այլ գործօններ, ներառեալ` տուեալ երկիրներու մէջ բարեգործութեան մշակոյթը եւ բնութեան պաշտպանութիւնը:
Հայաստանի տուեալները` գիտութիւն եւ ճարտարագիտութիւն` 56-րդ տեղ, միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն` 136, աշխարհակարգ` 104, մոլորակ եւ կլիմայ` 108, բարգաւաճում եւ հաւասարութիւն 48, մշակոյթ` 103, առողջութիւն եւ բարեկեցութիւն` 31:
Այդ ամէնուն իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանը ընդհանուր հաշուով դարձած է մոլորակի 75-րդ «Լաւ երկիր»-ը` բաւական զիջելով Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ, սակայն առաջ անցնելով Ատրպէյճանէն, որ 89-րդ տեղն է:
Մոլորալի «Ամենալաւ» երկիրներն են Հոլանտան, Զուիցերիան եւ Դանիան: Իսկ 163 երկիրներէն վերջին երեք տեղերը գրաւած են Իրաքը, Լիպիան եւ Աֆղանիստանը: