2017 թուականի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու եւ այլ զօրքերու զօրամասերու մէջ արձանագրուած է 1 207 յանցագործութեան դէպք, որ փաստացի 11.1% տոկոսով քիչ է 2016-ի դէպքերէն:
Այս տուեալները ներկայացուած են Փետրուար 6-ին ՀՀ զինուորական դատախազութեան մէջ կայացած խորհրդակցութեան ժամանակ:
Անոնցմէ 768-ը կամ 63,6%-ը եղած են զինուորական ծառայութեան դէմ ուղղուած, 439-ը կամ 36,4%-ը` այլ բնոյթի յանցագործութիւններ:
Արձանագրուած 1 207 յանցագործութեան դէպքերէն ծանր եւ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւնները եղած են 191-ը կամ 15.8%-ը, որոնցմէ 111-ը` ծանր,
80-ը` առանձնապէս ծանր:
Նախորդ տարուան համեմատ ծանր յանցագործութիւնները նուազած են 6 դէպքով կամ 5.1%-ով, առանձնապէս ծանր յանցագործութիւնները` 286-ով կամ 78.1%-ով:
«Այս տուեալները, սակայն, համադրելի չեն 2016-ի հետ, քանի որ նախորդ տարուան նմանատիպ դէպքերը մեծամասամբ պայմանաւորուած եղած են ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն եւ ատոր յաջորդող ժամանակահատուածին հակառակորդին կողմէ կատարուած յանցագործութիւններով», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
2017-ին արձանագրուած 80 առանձնապէս ծանր յանցագործութեան դէպքերէն 21-ը եղած է հակառակորդին կողմէ կատարուած սպանութիւն, 3-ը` զինծառայողներու կողմէ կատարուած սպանութիւն, 53-ը` հակառակորդին կողմէ կատարուած սպանութեան փորձ, 1-ը` համածառայակցի կողմից կատարուած սպանութեան փորձ, 1-ը` զէնք-զինամթերքի առանձնապէս խոշոր չափերու յափշտակութիւն:
Զինուած ուժերուն մէջ յանցագործութիւններու բացայայտման ցուցանիշը 97.8 % է` 2016-ի 98.2%-ի դիմաց:
Զգալիօրէն աւելցած են կաշառակերութեան յանցագործութիւններու բացայայտման դէպքերը: 2017-ին արձանագրուած է նմանատիպ 116 դէպք, 59-ով կամ գրեթէ 100%-ով աւելի 2016-ի արդիւնքներէն: 36 քրէական գործ 72 անձի վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է դատարան: