«Հայկական Երուսաղէմ». Մասնագէտները մտահոգ են հայոց իրաւունքներու ճակատագրով

Ուրբաթ 22 դեկտեմբեր 2017–ին Երուսաղէմի շուրջ վերջին զարգացումներուն յատկացուած քննարկում մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Կենդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ¸ «Ազգ»ի խմբագրութեան գրադարան-լսարանին մէջ։

«Կլոր սեղան» ձեւաչափով քննարկման հրաւիրուած էին Երուսաղէմի վերջին զարգացումներուն եւ խնդրի էութեան քաջածանօթ մասնագէտներ¸ գլխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան հայրերու, ակադեմական գործիչներ, նախկին դեսպաններ¸ հրապարակախօսներ, ինչպէս նաեւ լրագրողներ: Հանդիպումը վարեց ՌԱԿ Կ.Վ. անդամ¸ վերլուծաբան Արմէն Մանուէլեանը, իսկ որպէս գլխաւոր բանախօսներ ելոյթներով հանդէս եկան Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչ ՝ Տէր Նաթան արք. Յովհաննիսեանը, Երեւանի Պետական համալսարանի արաբագիտութեան ամբիոնի վարիչ Հայկ Քոչարեանը, Եգիպտոսի¸ Իսրայէլի եւ ապա Իտալիայի մօտ ՀՀ նախկին դեսպան Ռուբէն Կարապետեանը¸ միջազգայնագէտ Սուրէն Սարգսեանը¸ «Նորավանք» գիտահետազոտական կեդրոնի աշխատակից դոկտ. Վերանեանը¸ Երեւանի Պետական մանկավարժական համալսարանի քաղաքագիտութեան ամբիոնի վարիչ, դոկտ. Լեւոն Շիրինեանը¸ պատմաբան¸ ՌԱԿ Կ.Վ. անդամ Սուրէն Սարգսեանը, սփիւռքագէտ, հրապարակագիր Ռոմէն Կոզմոյեանը, «Օրրան» հանդէսի խմբագիր Ժոզէֆ Աւետիսեանը եւ ուրիշներ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Կ.Վ. ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանը, որ հակիրճ անդրադարձաւ Հայոց համար Երուսաղէմ Սուրբ Քաղաքի կարեւորութեանը¸ շեշտելով, որ հայութեան մօտ այսօր մտահոգութիւններ կան կապուած Երուսաղէմի ընդհանուր վիճակին ու մասնաւորապէս Երուսաղէմի «Հայկական թաղամաս»ին¸ յատկապէս Մ. Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ընդունելու բանաձեւ- յայտարարութենէն ետք:

Ստորեւ սեղմ տողերու մէջ կը ներկայացնենք օրուան գլխաւոր բանախօսներուն ներկայացուցած տեսակէտները։

Երուսաղէմի խնդիրը՝ կրօնական, քաղաքական եւ դիւանագիտական առումներով Նախքան քննարկումին անցնիլը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Փառէն արք. Աւետիքեան կազմակերպիչներուն հարց տուաւ, թէ ինչ նպատակ կը հետապնդէ նման հանդիպում մը։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտադրելով, որ ինչպէս երէկ¸ այսօր ալ հայութեան համար շատ կարեւոր է, որ Երուսաղէմ քաղաքը շարունակէ մնալ քրիստոնեայ, իսլամ եւ յուդայական կրօններու համար «բաց» մայրաքաղաք մը, եւ այդպիսով շարունակել պահպանելով տարիներ առաջ Հայոց Պատրիարքութեան եւ Վատիկանի կողմէ ալ ընդունելի համարուած Երուսաղէմի բազմակրօն քաղաք մը ըլլալու իրողական հանգամանքը:

Սրբազան հօր դիպուկ դիտարկումէն ետք խօսք առաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեանը, որ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Հարցը միայն հայութիւնը յուզող խնդիր մը չէ, որովհետեւ¸ ինչպէս գիտէք¸ Երուսաղէմի մէջ կը գործեն մեր եկեղեցւոյ քոյր համարուող տարբեր եկեղեցիներ եւս: Հետեւաբար նման հարց մը անհանգստութիւն է ոչ միայն Հայ եկեղեցւոյ, այլեւ՝ անիկա համաքրիստոնէական հարթութիւն ունեցող խնդիր է»:

Սրբազան հայրը նաեւ նշեց, որ Երուսաղէմի խնդրին վերաբերեալ մեր եկեղեցին չի կրնար որեւէ քաղաքական հնչեղութիւն ունեցող յայտարարութիւն կատարել: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ նախագահ Թրամփի հրապարակած բանաձեւէն ետք Երուսաղէմի բոլոր եկեղեցիները կ’ապրին անհանգստութիւն մը¸ եւ աւելցուց. «Բոլորս կ’ապրինք խոր անհանգստութիւն մը, որովհետեւ չենք գիտեր¸ թէ նախագահ Թրամփի յայտարարութեան յաջորդող քայլը ինչ պիտի ըլլայ: Հետեւաբար այսօր կայ անորոշութիւն եւ այդ անորոշութիւնը անհանգստութիւններու դուռ կը բանայ»:

Սրբազան հայրը նաեւ նշեց, որ ներքրիստոնէական առումով ալ այսօր Երուսաղէմի մէջ հաստատուած եկեղեցիները իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն հիմնուելով ցայսօր ալ Իսրայէլ պետութեան կողմէ ընդունուած եւ յարգուած «ներքին» կարգավիճակի (status quo) մը, որ եթէ խախտուի¸ ապա մենք կրնանք ականատես դառնալ ներքրիստոնէական հակամարտութեան: Մենք որպէս եկեղեցի չենք կրնար քաղաքական հարթակի վրայ եղած զարգացումներուն կամ որեւէ երկրի մայրաքաղաքի տեղափոխման վերաբերեալ կեցուածք արտայայտել, որվհետեւ այդ հարցը զուտ քաղաքական խնդիր է»: Սրբազան հայրը նաեւ մտավախութիւն յայտնեց, առկայ կարգավիճակի պահպանման վերաբերեալ եւ ըսաւ. «Եթէ Իսրայէլի իշխանութիւնները յետայսու իրաւունք ունենան չճանչնալ յարաբերութիւններու ընդհանուր ընթացակարգը, ապա այն ատեն բոլոր քրիստոնեաները կրնան յայտնուիլ ներքին պառակտման ու նաեւ հակամարտութեան մէջ»: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ մտահոգիչ է այն, որ ԱՄՆ նախագահին կատարած յայտարարութեան մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներու կարգավիճակին վերաբերեալ ոչ մէկ յայտարարութիւն կայ եւ այնտեղ նշուածը կապ ունի միայն իսլամներու «Հարամ ալ շարիֆ»ի մզկիթին հետ եւ այդ է, որ մտահոգիչ է մեզի համար»: «Երուսաղէմի առնչութեամբ Մայր Աթոռի մտահոգութիւնը այնտեղի քրիստոնէական եկեղեցիներուն եւ համայնքներուն ունեցած մտահոգութիւնն է, եւ առանձնակիօրէն՝ Հայոց Պատրիարքութեան ունեցած մտահոգութիւնը»¸ իր խօսքը եզրափակեց Նաթան Սրբազանը:

Նշենք նաեւ, որ Սրբազան հայրը իր խօսքին ընթացքին ականատեսի վկայութիւն բերելով փորձեց ներկաներուն ներկայացնել Երուսաղէմ քաղաքի իւրայատկութիւնները¸ յիշեցնելով, որ մօտիկ անցեալին Բեթղեհէմ քաղաքին շուրջ բարձրացուած «պատ»ը իրավիճակը բաւական բարդ ու դժուարին դարձուց բոլոր համայնքներուն համար:

Իր կարգին¸ արաբագէտ դոկտ. Հայկ Քոչարեան կարեւորեց Երուսաղէմի մասին քննարկում նախաձեռնելը եւ ըսաւ. «Այս խնդիրը այսօր չէ ծագած ու յստակ է նաեւ, որ հարցը որոշ անցեալէ մը կու գայ : Ու շատ կարեւոր է դիտարկել ու ներկայացնել, թէ մենք որպէս հայութիւն եւ հայկական պետականութիւն ինչ պէտք է ըրած ըլլայինք մինչեւ Թրամփի յայտարարութիւնը: Երուսաղէմի գաղութը կը նօսրանայ, Հայաստանը ցարդ չէ կարողացած դեսպանութիւն հիմել Իսրայէլի մէջ ու նման հարցադրումներ, որոնք այսօր կը բարձրաձայնուին Երուսաղէմի մասին կատարուած յայտարարութենէն ետք»¸ ըսաւ յարգարժան դոկտորը եւ նկատել տուաւ, որ Թրամփի յայտարարութենէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական մարմինները պէտք է արագօրէն արձագանգէին եղածին եւ այդ առումով համապատասխան քայլեր ու շփումներ ունենային շահագրգիռ այլ կողմերու հետ։ Ան ըսաւ. «Մեզի համար այսօր ալ ուշ չէ յարաբերութիւններ ստեղծել Իսրայէլի հետ, ու գործնական քայլեր կատարելով առաջ երթալ ու մասնակից դառնալ ընդհանուր գործընթացներուն»: Քոչարեան իր մօտեցումը ամրագրելով նկատել տուաւ, որ Հայաստան նոյն «պասիվութեամբ» հետեւեցաւ Սուրիոյ տագնապին, որ այսօր մտած է լուծման փուլ: Ան հարց տուաւ, թէ ինչքանով է ճիշդ զէզոք դիրքերով եւ «դանդաղ դիւանագիտւթեամբ» արձագանգել Երուսաղէմի մէջ ընթացող զարգացումներուն: Իր խօսքը աւարտելով ան յիշեցուց, որ հայութիւնը այսօր Երուսաղէմի մէջ կարեւոր երեք գործօններ ունի՝ Երուսաղէմի հնաբնակ հայութիւնը, վերջին շրջանին Հայաստանէն Երուսաղէմ եւ Իսրայէլ հաստատուած հայաստանացիներու համայնքը¸ իսկ ամենակարեւորը՝ Երուսաղէմի Պատրիարքական պատմական աթոռը իր հոգեւոր¸ կալուածային¸ քաղաքական ու քաղաքակրթական նշանակութեամբ։

Երրորդ բանախօսն էր Եգիպտոսի եւ համատեղութեամբ Իսրայելի ՀՀ նախկին դեսպան Ռուբէն Կարապետեանը, որ պատմական վկայութիւն մը բերելով նշեց, որ իր մօտ լուրջ մտավախութիւն առաջացած է դեռ վաղ 2000-ական թուականներուն¸ երբ լուրջ փորձեր կային արաբ- իսրայէլեան համաձայնութիւն մը կայացնելու ու այդ առումով հարց տուաւ, թէ ուր աւելի յարմար պիտի ըլլար, որ Հայկական թաղամասը (Armenian Quarter) գտնուի ու ճիգ ընել, որ հայապատկան հողամասերը «չպոկուին» քրիստոնէական տարածքներէն:

Դեսպան Կարապետեան նաեւ հարցադրումներ կատարելով նշեց, որ «Պէտք է հարց տանք, որ նախագահ Թրամփ ինչո՞ւ այս պահուն է որ նման յայտարարութիւն կատարեց»¸ յիշատակելով նաեւ, որ դիւանագիտութիւնը կը սիրէ մանրուքները եւ ընդհանուր պատկերն ունենալէ ետք է, որ կարելի է դիրքորոշում մ’ունենալ: Բանախօսին կարծիքով Թրամփի յայտարարութիւնը կը վերահաստատէ, որ Իսրայէլ այսօր կը վայելէ ԱՄՆ-ու անվերապահ աջակցութիւնը եւ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունենալիք ապագայ գործողութիւնները ձգուած են այդ պետութեան կամեցողութեան»: Ան նաեւ կարծիք յայտնեց, որ Երուսաղէմի շուրջ կատարուող գործընթացները կապ ունին Սուրիոյ պատերազմին, Ռուսաստանի Միջին Արեւելք «շռնթալից» վերադարձին ու նաեւ ԱՄՆ-Թուրքիա բաւական լարուած յարաբերութեանց հետ, յիշատակելով, որ Միացեալ Նահանգներու ապագայ թիրախը Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն է¸ եւ Իսրայէլ այս առումով պիտի ունենայ մեծ դերակատարութիւն: «Երուսաղէմի խնդիրը մտահոգիչ է, բայց մեզի համար այսօր ամէնէն աւելի մտահոգութիւն առթողը մեր տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ունենալիք հաւանական գործողութիւններն են»:

Իր խօսքը աւարտելով դեսպան Կարապետեան զարմանք յայտնեց, որ ինչու ցայսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը չկարողացաւ դեսպանատուն մը բանալ Իսրայէլի (Թէլ-Աւիվ) մէջ¸ միշտ շեշտադրելով, որ բոլոր գործընթացերու պարագային ալ կարեւորը այն է, որ մենք որպէս Հայաստանի Հանրապետութիւն ինչ գործնական քայլեր պիտի կատարենք. «Կարեւորը պահն (momentum) է եւ եղած դէպքերուն արձագանգելու անմիջականութիւնը»¸ եզրափակեց դեսպան Կարապետեան:

Իր կարգին ՌԱԿ Կ.Վ. ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան խօսք առնելով նշեց, որ «Մեզի համար այսօր կարեւորը առկայ իրավիճակը լոյսին բերելն է ու նաեւ ցոյց տալ իրաւունքներու տէր կանգնելու մեր վճռակամութիւնը: Մենք ունինք մտահոգութիւններ եւ Երուսաղէմի ապագային վերաբերող անհանգստութիւներ ու այդ առումով է, որ պէտք է այս հարցերը քննարկել ու յանգիլ եզրակացութիւններու»: Աւետիքեան նաեւ նշեց, որ հայութիւնը Երուսաղէմի հանդէպ իր ունեցած մտավախութիւնները պէտք է բարձրաձայնէ յաչս աշխարհի՝ իր ձայնը հասցնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւն:

Միջազգայնագէտ Սուրէն Սարգսեան, որ վերջերս կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ (Ուաշինկթըն)¸ նշեց, որ այսօր Ուաշինկթընը առհասարակ հետաքրքրութին չունի Հայաստանի եւ հայութեան հանդէպ: «Այսօրուան Ուաշինկթընը շատ փոխուած է ու հոն քննարկուող, ձեւաւորուող եւ ձեռնարկուող քայլերը շատ գործնապաշտ մօտեցումներու վրայ հիմնուած քաղաքականութեան մը մաս կը կազմեն: Ուաշինկթընը առաջուան նման չունի օգնողի դերով հանդէս գալու մօտեցում ու առհասարակ երեւելի է, որ Հայաստանն այսօր Ուաշինկթընին տալիք մը չունի ու նաեւ ամերիկացիներուն մօտ մեծ հաշուով հարաւային Կովկասի վերաբերեալ ակնկալիք մը չկայ»:

Քննարկման ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ ոլորտին ծանօթ միւս մասնագէտները, որոնց բոլորին մտահոգութիւններու գլխաւոր առանցքը կապուած էր Երուսաղէմի հայապատկան տարածքներուն եւ «Հայկական թաղամաս»ին ապագային հետ: Ներկայացուած տեսակէտներուն մէջ ամէնէն ուշագրաւն ու հայութեան համար շահեկանը Փառէն Սրբազանին ներկայացուցած թէզն էր: Սրբազանը, որ երկար տարիներ ծառայած է Երուսաղէմի եւ ապա Մ. Նահանգներու մէջ¸ ներկայացուց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի եւ Շահէ արք. Աճեմեանի Երուսաղէմի վերաբերեալ Հռոմի այդ օրերու (1968) Քահանայապետ Պօղոս Զ. Պապին հետ ունեցած քննարկումներուն արդիւնքով պատրաստուած բանաձեւը¸ որով կ’առաջարկուէր Երուսաղէմը ճանչնալ որպէս Ex-Teritorialty of Jerusalem, այլ խօսքով՝ բոլոր կրօններու համար «բաց քաղաք» մը, որուն շնորհիւ կ’ամրագրուի նաեւ Սուրբ քաղաքին մէջ հայութեան ունեցած տարածքներուն պատմական իրաւատիրութիւնը ու ապրելու եւ գործելու իրաւունքը:

Փառէն Սրբազանի կարծիքով¸ նկատի ունենալով նախագահ Թրամփի վարչութեան մօտեցումները¸ ներկայ պահուն միայն ամերիկահայութիւնը կրնայ ազդեցութիւն բանեցնել անոր վրայ՝ որպէս այդ երկրի քաղաքացիներ։

Որոշուեցաւ 2-րդ քննարկում մը կազմակերպել Յունուարի 2-րդ կէսին՝ աւելի յստակ տուեալներու վրայ եզրայանգումներ կատարելու համար։

Սագօ Արեան