Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութիւնը, Հինգշաբթի՝ 11 Օգոստոս 2016-ի նիստին, անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած պաշտօնական ձեռնարկներու կազմակերպման համար յատկացուց 100 միլիոն 760 հազար դրամ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ կառավարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութիւնը։
ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան նշեց, որ այդ գումարը իբրեւ նուիրաբերութիւն կը տրուի «Դասական երաժշտութեան աջակցութիւն» ՀԿ-ին`տօնական ձեռնարկները կազմակերպելու համար:
Սեպտեմբեր 21-ին հանրապետութեան հրապարակին վրայ իրականացուելիք տօնական համերգի ծրագիրին մէջ ներառուած պիտի ըլլան կատարողներ Երեւանէն եւ մարզերէն, առաձնայատուկ դեր ու նշանակութիւն պիտի տրուի անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչներուն:
ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յանձնարարեց պատասխանատուներուն Անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները կազմակերպել լաւագոյն կերպով: