Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ Ապրիլ 11-ին, ստորագրած է հրամանագիրներ, որոնց համաձայն, Արա Ալեքսանեան եւ Համլեթ Գասպարեան նշանակուած են հանրապետութեան նախագահի խորհրդականներ` հասարակական հիմունքներով: