«Երեւան` սիրոյ քաղաք» կարգախօսով «Էրեբունի-Երեւան-2799» տօնական ձեռնարկները սկսած են Հոկտեմբեր 14-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն:
Օրուան ընթացքին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, այլ ձեռնարկներու կողքին, տեղի ունեցան օդապարիկներու` ճոպաններով կապուած սահմանափակ բարձրութեամբ թռիչքներ` երեկոյեան գեղեցիկ լուսաւորութեամբ:
Այս առիթով Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան յղած է ուղերձ մը, որուն մէջ կը նշէ. «Սիրելի՛ երեւանցիներ, քաղաքամայր Երեւանը այսօր կը դառնայ 2799 տարեկան, որուն առիթով կը շնորհաւորեմ բոլորս:
Այսօր աշխարհի ամբողջ հայութիւնը «Սիրոյ քաղաք» կարգախօսով կը տօնէ համայն հայութեան սիրելի մայրաքաղաքի ծննդեան տարեդարձը` անթաքոյց հպարտութեամբ, որ մեր հինաւուրց, բայց միշտ երիտասարդ ոստանը բոլորիս միացեալ ջանքերուն շնորհիւ տարուէ տարի աւելի վստահ ու հպարտ կը ներկայանայ աշխարհին` ամրապնդելով իր տեղն ու դերը կայուն զարգացող մայրաքաղաքներու շարքին:
Երեւանը աշխարհի մէջ այսօր ճանաչելի է իբրեւ անվտանգ, յարմարաւէտ, համաչափ զարգացող, ջերմ ու բարի, հիւրընկալ քաղաք: Ասիկա փաստ է, որ իրենց մասնագիտական գնահատականներով ամրագրած են միջազգային հեղինակաւոր շարք մը կազմակերպութիւններ»:
Նոյն առիթով Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւս ուղղած է ուղերձ մը, որուն մէջ նշած է. «Սիրելի՛ երեւանցիներ, այսօր կը նշենք մեր արեւաշատ մայրաքաղաքի 2799-րդ տարեդարձը: Վստահ եմ, որ իւրաքանչիւրս ունինք Երեւանի մեր սիրելի անկիւնները, որոնց հետ ջերմ ու անփոխարինելի յուշեր կան:
Սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլորը եւ կը մաղթեմ, որ Երեւանի մէկ մասնիկը միշտ ապրի մեր մէջ, որ երբեք չկասկածինք, որ կ՛ապրինք աշխարհի ամէնէն ջերմ, գեղեցիկ, իւրայատուկ քաղաքին մէջ, իրեն բնորոշ համ ու հոտով, եւ մենք մեր գործուն մասնակցութիւնը կրնանք ունենալ մեր հին ու նոր մայրաքաղաքը աւելի լաւը դարձնելու գործին մէջ»:
Երեւանի հիմնադրման 2799-րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով մայրաքաղաքին մէջ գտնուող շարք մը քաղաքներու պատուիրակութիւններու անդամները քաղաքապետի առաջին տեղակալ Կամօ Արէեանի, քաղաքապետի տեղակալներ Վահէ Նիկոյեանի եւ Դաւիթ Օհանեանի, վարչական շրջաններու ղեկավարներու եւ աւագանիի անդամներու ուղեկցութեամբ այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ զետեղած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին եւ անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են զոհերու յիշատակը:
Պատուիրակութիւնները այցելած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, ծանօթացած ցուցադրութեան: