Սահմանադրութեամբ` ժողովրդավար, իրականութեան մէջ` մենատիրական․ Freedom House-ը` Հայաստանի մասին

Հայաստանի սահմանադրութեամբ եւ օրէնսդրութեամբ կարծես թէ ամրագրուած են ժողովրդավարական սկզբունքները, սակայն իրականութեան մէջ կառավարման ոլորտը ակնյայտ մենատիրական է․ այսպիսի եզրակացութիւն ըրած է Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը իր հերթական` «Անցումային երկիրներ 2018» զեկոյցին մէջ, կը հաղորդէ «Սիվիլնեթ»-ը:

Հայաստանը, ինչպէս եւ նախորդ տարի, դասուած է կիսահաստատուած մենատիրական պետութիւններու շարքին:

Ի տարբերութիւն 2017-ի` 2018-ին Հայաստանը յետընթաց արձանագրած է ժողովրդավարութեան ոլորտին մէջ, որու արդիւնքով ընդհանուր գնահատականը 5.39-էն իջած է 5.43-ի: Դիրքերու թուլացումը հիմնականօրէն պայմանաւորուած է փտածութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ յետընթացով (5.25-էն 5․50-ի)։ Պատճառը  Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւններու ամրապնդումն է եւ որպէս հետեւանք` համակարգային փտածութեան արմատաւորումը:

Միւս ցուցանիշներուն հետ կապուած` այս տարուան զեկոյցին մէջ Հայաստանը եւս յառաջընթաց չէ արձանագրած ոչ ընտրական գործընթացներու, ոչ անկախ մամուլի, ոչ արդարադատութեան, ոչ տեղական ժողովրդավարութեան առումներով:

Հեղինակները կը մատնանշեն, որ 2017-ին նախագահականէն խորհրդարանական կառավարման անցնելու առումով ամենակարեւոր քայլը ապրիլեան խորհրդարանական ընտրութիւններն էին, որոնց արդիւնքով ՀՀԿ-ն, որ «կը վերահսկէ իշխանութեան բոլոր երեք ճիւղերը», պահպանեց եւ ամրապնդեց իր գերիշխանութիւնը: