Վարչապետը խորհրդարանական նոր ընտրութիւնները կը նախատեսէ աշնան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատկերացումով՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ պէտք է տեղի ունենան աշնան:

«Մեր պատկերացումն է արտահերթ ընտրութիւնները իրականացնել աշնանը բայց ատիկա պէտք է փորձենք համադրել այլ քաղաքական ուժերու պատկերացումներու հետ ու փորձել դուրս բերել ընդհանուր լուծումներ: Այդ ուղղութեամբ քննարկումներ, իհարկէ, հնարաւոր են», Մայիս 23-ին, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Փաշինեան: