Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ելոյթ ունեցած է «Հայաստան- Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովին, Սեպտեմբեր 19-ին կայացած «Ազգ բանակ. հաւաքական ներուժի զարգացման տարբերակ» խորագիրով իրականացած նիստին ընթացքին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: Ելոյթը կը ներկայացնենք յապաւումներով:
«Յարգելի գործընկերներ,
Տիկնայք եւ պարոնայք,
Շատ շնորհակալ եմ մեր այս քննարկման հանդէպ ձեր հետաքրքրութեան համար, այստեղ ներկայ ըլլալու համար: Գիտեմ, որ միաժամանակ քանի մը ուղղութեամբ կ՝ընթանայ քննարկումը եւ ինծի համար շատ ուրախալի է, որ այսքան ներկայացուցչական խումբ ունինք այստեղ:
Մենք այսօր պիտի խօսինք «Ազգ-բանակ» հայեցակարգի եւ անոր շուրջ մեր ջանքերը համադրելու, համախմբելու մասին եւ ես կ’ուզեմ սկսիլ ելոյթս քիչ մը աւելի լայն, հաւանաբար հայեցակարգային քննարկումով ձեր հետ` թէ ի՞նչ է «Ազգբանակ»-ը, ի՞նչ է առհասարակ բանակը մեզի համար, մեր ժողովուրդին համար, մեր երկրի համար` հաշուի առնելով մեր առանձնայատկութիւնները:
Մեր ժողովուրդը եկած է դարերու խորքէն եւ պետականութեան կորուստի ցաւը մեր սրտերուն մէջ՝ դարեր շարունակ՝ երազած ենք մեր ազգային պետութեան մասին, մեր ինքնութեան, գաղափարներու, հաւատքի, լեզուի, մշակոյթի, աւանդոյթներու համար նոր օրրան գտնելու մասին: Մենք անկախութիւն փնտռած ենք պառակտուած մեր իշխանական տուներու հեռաւոր լոյսերուն մէջ, անկախութիւն երազած ենք եւ երգած օսմանեան կայսրութեան ճիրաններուն մէջ սեղմուած, նոյնիսկ Հայոց Ցեղասպանութեան ամենադաժան օրերուն, անկախութեան մասին երազած ենք եւ խօսած ստալինեան բռնատիրութեան դաժանագոյն տարիներուն, եւ երբ անկախութիւնը թակեց մեր դուռը, մեզի պահ մը թուաց, որ ատիկա ի վերուստ տրուած շնորհ մըն է, որուն համար մեր սերունդները պայքարած են, իսկ մենք եկած ենք վայելելու եւ ստանալու այդ անկախութեան եւ պետականութեան բերկրանքը: Բայց այդպէս չ՝ըլլար: Ցաւօք թէ բարեբախտաբար, անկախութիւնը միշտ քննութիւն է հասունութեան, անձնազոհութեան, հետեւողական աշխատանքի քննութիւն, եւ դարեր շարունակ պետականութենէն զրկուած, բայց հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող ժողովուրդի համար ատիկա նաեւ ազգային ինքնութիւնը պետական հիմնարկներուն յարմարցնելու քննութիւն է` արդեօ՞ք ի վիճակի ենք ատիկա ընելու:
Ես կը դժուարանամ ըսել, թէ ինչպիսին պիտի ըլլար մեր Հայաստանը, եթէ մեր անկախութիւնը գար առանց նորօրեայ հերոսամարտի: Կը դժուարանամ ըսել, թէ ինչպիսին պիտի ըլլար Հայաստանը, եթէ կեանքը չպարտադրէր մեզի արագ հասունացում եւ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու խիզախութիւն: Կը դժուարանամ ըսել, թէ ինչպիսի պետութիւն պիտի ըլլայինք մենք, եթէ հակառակորդը չզգօնացնէր մեզ` պարտադրելով պատասխանատուութիւն ստանձնելու մեր ամէն խօսքի, ամէն գործի, ամէն քայլի համար: Շատ հնարաւոր է, որ մենք այս պահուն ըլլայինք քիչ մը աւելի ապահով, քիչ մը աւելի բարեկեցիկ, քիչ մը աւելի հանգիստ մեր վաղուան օրուան համար, անհոգ, բայց երեւի թէ նաեւ աւելի երազկոտ, հաւանաբար նաեւ` մանկամիտ: Բայց մեզի բաժին ինկաւ արագ կերպով ինքնուրոյն դառնալու, արագ հասուննալու, արագ լրջանալու վիճակը, ինչպէս կեանքը արագ կը մեծցնէ ու կը հասունցնէ դժուար պայմաններու մէջ մեծցող երեխան:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ անկախութեան առաջին օրէն՝ կենաց մահու կռիւ վարեց իր գոյութեան իրաւունքին համար:
Ի՞նչ է մեզի համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Այստեղ նստած մեր սփիւռքահայ քոյրերէն եւ եղբայրներէն շատերուն համար ատիկա նոյնիսկ իրենց մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու հեռաւոր ծննդավայրը չէ: Ձեզմէ շատերուն համար պատմական Հայրենիքը այն կորսուած Էրկիրն է, ուր մնացած են պապենական տուներն ու վանքերը, հարազատ բնապատկերն ու տեղական աւանդոյթները, մեր շէներն ու շիրիմները:
Եւ, ուրեմն, ի՞նչ է մեր` աշխարհի հայերուս համար Հայաստանը:
Կը կարծեմ, ատիկա առաջին հերթին մեր ինքնութեան պահպանման խարիսխն է եւ մեր ազգային ոգիի շաղախը: Ատիկա հայու տեսակի փարոսն է փոթորկած աշխարհի մէջ: Կը կարծեմ, որ ատոր ապացոյցն է նաեւ ա՛յն, որ Հայաստան ժամանող ամէն սփիւռքահայ, իսկ յա՛տկապէս եւ առաջին հերթին` ամէն հայ երիտասարդ, անգամ արդէն լեզուին չտիրապետող, հայկական դպրոց չյաճախող երիտասարդ, խառն ամուսնութենէ ծնած երիտասարդ, կը հեռանայ այստեղէն նոր Հայրենիք գտած եւ սիրուած հայրական օճախէն հեռացող պանդուխտի թախիծով:
Անշուշտ, մեր ազգի հազարամեայ պատմութիւնը մեզ յիրաւի կը դարձնէ հայորդի, այսինքն` կը պահէ զաւակի կարգավիճակի մէջ: Բայց մեր նորօրեայ պետականութեան երիտասարդ տարիքը, անոր շուրջ ձեւաւորուած անբարենպաստ իրողութիւնները, տնտեսական եւ հասարակական բարդութիւնները, հասարակական կեանքի ալեկոծումները կը թելադրեն մեզի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերիլ իբրեւ զաւակ մը, որուն ինքնուրոյն երթին համար բոլո՛րս` Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, չափազանց շատ ընելիքներ ունինք:
Մեր հրամայականը մէկն է. ամէնէն առաջ եւ ամէն ինչէ վեր՝ հոգ տանիլ մեր զաւակին` Հայաստանի Հանրապետութեան ֆիզիքական անվտանգութեան, պաշտպանական ամրապնդման, պայքարի գաղափարական եւ սկզբունքային առանցքի ամրացման համար: Այդպիսի անվտանգութեան առանցքն է հայոց բանակը: Մեր անկախութեան եւ պետականութեան ամենամեծ եւ ամենաարժանի ծնունդը: Մեր հպարտութիւնն ու մեր պաշտպանը, հայոց հերոսներու արեամբ շաղախուած յենասիւնը:
Չինաստանի մէջ շուրջ 600 քաղաքացիէն մէկը կը ծառայէ զինուած ուժերուն: Միացեալ Նահանգներու մէջ, այդ թիւը մօտաւորապէս 450-էն մէկն է, Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ` 150-էն մէկը: Հայաստանի պարագային, իւրաքանչիւր 40-րդ քաղաքացին զինուած ուժերու ծառայող է: Մենք առ շունչ աշխարհի ամենամեծ թիւով զինծառայող ունեցող երկիրներէն մէկն ենք: Մենք առաջիններէն ենք աշխարհի պահեստազօրին մէջ ընդգրկուած մեր քաղաքացիներու տոկոսային յարաբերակցութեամբ եւ երեւի թէ առաջինը` անոնցմէ մարտական հերթապահութեան բարդ ուղին անցածներու թիւով: Ա՛յս իրողութիւնն է, որ մեզի արդէն` թուային առումով գոնէ, կը դարձնէ Ազգ բանակ:
Մեր բանակին հանդէպ աշխարհասփիւռ հայութեան խոր յարգանքի եւ վստահութեան, բանակին մէջ ծառայութեան նկատմամբ լրջագոյն վերաբերմունքի, այդ ծառայութեան ընթացքին մարմնով եւ հոգիով կոփուելու անհրաժեշտութեան, երկրի պաշտպանական համակարգին մէջ սեփական տեղը ճիշդ նախորոշելու, ռազմական գիտութեան եւ արտադրութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնման, հայրենիքի պաշտպանի նկատմամբ հասարակական ճիշդ վերաբերմունքի ձեւաւորման, հաշմանդամ զինծառայողի եւ զոհուածի ընտանիքի կողքին ազգովին կանգնելու, սահմանամերձ, իսկ աւելի ճիշդ` սահմանապահ համայնքներու ամրապնդման ու ուժ տալու մասին է այս գաղափարախօսութիւնը: Այդ համազգային միասնութեան մէջ բացառիկ դերակատարում ունի հայոց սփիւռքը:
Խոնարհում եւ երախտագիտութիւն բոլորին, որոնք գիտակցեցան մեր բանակի դերն ու նշանակութիւնը, եւ բոլոր այս տարիներուն համեստօրէն եւ առանց որեւէ ակնկալիքի զօրակոչուեցան բանակի ստեղծման եւ ամրապնդման վեհ գործին…»: