Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հետամուտ ըլլալով տեղեկատուական անվտանգութեան ոլորտին մէջ ՀՀ օրէնսդրութեամբ իրեն վերապահուած գործառոյթներու եւ լիազօրութիւններու իրականացման, կը շարունակէ բացայայտել համացանցի մէջ՝ պետութեան, հասարակութեան եւ անձի անվտանգութեան վնաս հասցնող կեղծ տեղեկատւութիւն հրապարակող եւ տարածող օգտատէրերուն։ Այս մասին կը յայտնէ ԱԱԾ-ի լրատուական բաժանմունքը:
Մասնաւորապէս, ս.թ. 3 յունուարին, «Տիանա Յարութիւնեան» ֆէյսպուքեան էջին մէջ տեղեկատւութիւն հրապարակուած էր, որ իբր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է ԱՄՆ նախագահը՝ Իրանի բարձրաստիճան զինուորականի նկատմամբ կատարուած գործողութեան կապակցութեամբ։ Այս կեղծ լուրը տարածում ստացած էր նաեւ ատրպէյճանական եւ իրանական ԶԼՄ-ներուն մէջ։ Հրապարակայնօրէն՝ ազգային, ռասայական եւ կրօնական թշնամանք յարուցելուն ուղղուած նման բովանդակութեամբ կեղծ լուրերու տարածումը, շահարկումը տեղեկատուական-քարոզչական դաշտին մէջ էական վնաս կը հասցնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան շահերուն։
ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան իրականացուցած հետախուզական միջոցառումներու շնորհիւ պարզուած է «Տիանա Յարութիւնեան» ֆէյսպուքեան կեղծ էջը վարողի ինքնութիւնը։ Վերջինս բերման ենթարկուած է եւ պարզաբանում ներկայացուցած՝ իր կատարած գործողութիւններու վերաբերեալ։
Առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքի առթիւ ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքէն ներս յարուցուած է քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածի յատկանիշներով, կը կատարուի նախաքննութիւն։ «Տիանա Յարութիւնեան» ֆէյսպուքեան կեղծ էջը վարողը ձերբակալուած է։