Ալեքսիս Օհանեանի վերջին նորութիւնը՝ Արարատի ֆոնին

Հայկական ծագումով ամերիկեան գործարար Ալեքսիս Օհանեանը, ամփոփելով վերջին տասնամեակի արդիւնքները, իր ձեռքբերումներու շարքին նշած է Հայաստան այցը, որ օգնած է անոր վերածնունդ ապրիլ։ Օհանեանը այդ մասին պատմած է Instagram-ի իր էջին՝ տեղադրելով Արարատի ֆոնին լուսանկար։

«Մինչեւ 2010թ․ ես լրիւ սպառած էի։ Մենք վաճառեցինք Reddit կայքը եւ ես դարձայ Conde Nast-ի տնօրէն։ Անկեղծ ըսած՝ ես այնքան ալ լաւ տնօրէն չէի։ Պարզապէս ես ինծի կը զբաղեցնէի աշխատանքով, որպէսզի չմտածեմ մօրս մահուան մասին։

Ինծի պէտք էր վերապրիլ այն, այդ պատճառով Kiva ծրագրով, որպէս կամաւոր, ես այցելեցի Հայաստան։ Այն իմ առաջին այցն էր հայրենիք, եւ ինծի օգնեց վերածնիլ»,- գրած է ան։

Իր ձեռքբերումներու շարքին ան նշած է նոր գիրք գրելը, Հռոմ տեղափոխուիլը եւ «յաւերժ քաղաքին» մէջ աշխատանքը։ Հռոմի մէջ ան հանդիպած է իր ապագայ կնոջ, որ զինք երեխայ պարգեւած է, որ եղած է անոր կեանքի ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը։ Երեխան ամբողջովին փոխած է Օհանեանի եւ անոր կնոջ կեանքը, խոստովանած է գործարարը։

«Այժմ ես իմ ժամանակս կը ծախսեմ անոր վրայ, որպէսզի արհեստագիտութիւններու միջոցով ապագան աւելի լաւ դարձնեմ»,- գրած է ան։