Երեք ամերիկեան ընկերութիւն` Papa John’s Pizza-ն, Baskin Robbins-ը եւ Domino’s Pizza-ն, մտադիր են հայաստանեան շուկայ մտնելու: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի մէջ Միացեալ նահանգներու դեսպանատան մամուլի ծառայութիւնը:
Սեպտեմբեր 5-ին դեսպանատունը եւ ԱՄՆ առեւտարական ծառայութեան Մոսկուայի գրասենեակը` ID-ի դրամատան հետ համատեղ, կազմակերպած են մէկօրեայ համաժողով` նուիրուած արտօնեալ ընկերութիւններու (franchise) ընձեռած գործարար հնարաւորութիւններուն, որուն ներկայ եղած են նշուած ընկերութիւններու ներկայացուցիչները, աւելի քան 50 հայ գործարար եւ պետական պաշտօնեայ: Ամերիկեան գործածարութեան ներկայացուցիչները յստակեցուցած են franchiseի իրենց հայեցակարգը եւ ծանօթացած հայաստանեան գործարար միջավայրի առանձնայատկութիւններուն:
Համաժողովը մէկ յարկի տակ հաւաքելով հայ եւ ամերիկացի գործարարները` միտուած էր օգնելու ձեւաւորել նոր գործընկերութիւն հիւրընկալութեան, մանրածախ վաճառքի, զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ:
Համաժողովին ամերիկեան ընկերութիւններուն կողմէ արտօնեալ պայմաններու մասին ելոյթներէ զատ եղած են նաեւ ելոյթներ տեղական յայտնի ընկերութիւններու կողմէ գործի, իրաւական ու ֆինանսական հարցերու, ինչպէս նաեւ franchiseի զարգացման ծիրէն ներս մտաւոր սեփականութեան իրաւունքի պաշտպանութեան կարեւորութեան մասին: