Վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ տիրող ներքին լարուածութեան եւ ռուս-թրքական վէճին պատճառով կ’ակնկալուի նաեւ Թուրքիա այցելող անգլիացի զբօսաշրջիկներու թիւի նուազում: Թրքական «Haberler.com» լրատուակայքի համաձայն` բրիտանական զբօսանաւերու 95 տոկոսը չեղեալ յայտարարած է դէպի Թուրքիա ուղեւորութիւնները:
Անգլիոյ մէջ դէպի Թուրքիա պտոյտներով զբաղող «Erata Turizm» գործակալութեան տնօրէն Սուլէյման Աքչիլը ընդգծած է, որ ոչ ոք կը ցանկայ մեկնիլ երկիր մը, ուր անվտանգութեան մակարդակը ցած է: «Անգլիան հիմա Թուրքիայէն այդ տեսակէտէն կը նայի: Այս զբօսաշրջային եղանակին շուկայի մէջ լուրջ անկումներ պիտի ըլլան»,- ըստ ermenihaber.am-ի՝ նշած է Աքչիլը: Վերջինիս կարծիքով` 2016-ին Անգլիայէն եկող զբօսաշրջիկներուն թիւը եւս 45 տոկոսով կրնայ նուազիլ:
Կը նշուի, որ քաղաքացիներուն` թրքական պտոյտներէն հրաժարուելու պատճառներու շարքին են Թուրքիոյ` իսլամական երկիր ըլլալ, Ռուսիոյ հետ ամէն պահ պատերազմ սկսելու վտանգը, ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ զբօսաշրջային վայրերու մէջ ամէն վայրկեան որեւէ գործողութիւն իրականացնելու վախը:
Ըստ մասնագէտին` թրքական զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարումը կրնայ տարիներ պահանջել:
Նշենք, որ 2015-ին Գերմանիայէն Թուրքիա մեկնող զբօսաշրջիկներուն թիւը կազմած է 5.580.000, Ռուսիայէն` 3.649.000, Անգլիայէն` 2.512.000 հոգի: