Արցախի մէջ այգեգործութիւնը զարգացնելու նպատակով 2017-ին Արցախի Կառավարութեան հաստատուած ծրագիրով կը նախատեսուի նուռի այգիներ հիմնել հանրապետութեան շրջաններուն մէջ: Հաշուի առնելով տարածաշրջանի բնակլիմայական նպաստաւոր պայմանները` Մարտակերտի շրջանին մէջ Ճանկաթաղի գիւղական համայնքի 2-րդ հատուածի` 490 հա, եւ Վարդաձորի գիւղական համայնքի 2-րդ հատուածի` 262 հա, տարածքներուն մէջ պիտի տնկուին նուռի այգիներ:
Շրջանային վարչակազմի աշխատակազմի գիւղատնտեսութեան, հողաշինարարութեան եւ հողօգտագործման բաժինի վարիչ Կարէն Յովհաննիսեանի խօսքով` բաժինին որպէս շրջանի գիւղատնտեսութեան պատասխանատու յանձնարարուած է հետեւողական ըլլալ որպէսզի գիւղական համայնքի ղեկավարները նշուած տարածքներուն մէջ վարելահողերը վարձակալութեան իրաւունքով չտրամադրեն` այգիներու տնկման աշխատանքներու իրականացման խոչընդոտներ չըլլալու համար:
Նախնական աշխատանքները սկսած են 2017-ին, գծանշուած են այգիներու հողատարածքները, հողի կենսաքիմիական անալիզները ուղարկուած են արտերկիր:
2018-ին կը շարունակուին այգիներու հիմնադրման նախապատրաստական աշխատանքները:
Աշխատանքները պիտի իրականացուին ԱՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ բարերարներու ֆինանսական աջակցութեամբ: