Ամերիկեան CNN հեռուստաալիքը հրապարակած է եւրոպական 20 ամենագեղեցիկ քաղաքներու ցանկը, ուր ոչ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն:
Եւրոպայի ամենագեղեցիկ քաղաքներու ցանկին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաքը, որու տեսարժան վայրերը քիչ բացայայտուած են զբօսաշրջիկներու կողմէ, կը փոխանցէ Tert.am-ը:
«Հայաստանի մայրաքաղաքի տեղադիրքը Եւրոպայի հեռաւոր արեւելեան շրջաններու մէջ կը նշանակէ, որ ճամբորդութեան մեկնողները յաճախ զայն նկատի չեն առներ: Սակայն աւելի քան 2800 տարուան պատմութեամբ այս քաղաքին մէջ անցեալը կարելի է զգալ նոյնսկ առանց զբօսաշրջիկներու մեծ խմբերու»,- կ՛ըսուի նկարագրութեան մէջ:
Նիւթի հեղինակները զբօսաշրջիկներուն խորհուրդ կու տան հայկական եկեղեցւոյ եւ Երեւանի պատմութեան ծանօթանալ «Էրեբունի» պատմաճարտարապետական թանգարանին մէջ:
Ցանկին մէջ ներառուած միւս քաղաքներէն են Մինսկը, Թիֆլիսը, Անգարան, Պեռնը եւայլն։