ԵՐԵՒԱՆ ՆԵՐԱՌՈՒԱԾ Է ՄԱԿ-Ի «ԱՇԽԱՐՀԻ ԾԱՌԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔՆԵՐ» ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՄԷՋ

ՄԱԿ-ի պարենային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութիւնը (FAO) եւ Arbor Day հիմնադրամը ներկայացուցած են այն քաղաքները, որոնք ճանաչում ստացած են «աշխարհի ծառերու քաղաքներ» ծրագիրով:
Ծրագիրին մէջ ճանաչում ստացած են 59 քաղաք, որոնց մէջ յայտնուած է Հայաստանի մայրաքաղաքը:
Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի անտառային տնտեսութեան հարցերու տեղակալին կը մէջբերէ մամլոյ ծառայութիւնը. «Մենք կը շնորհաւորենք առաջնակարգ քաղաքները, որոնց քաղաքապետները միասին քաղաքային անտառային տնտեսութեան նոր համաշխարհային ցանց ձեւաւորած են, որոնք կը գնահատեն ծառերու եւ անտառներու նշանակութիւնը»:
«Աշխարհի ծառերու քաղաքներ» ծրագիրը ուղղուած է բնութեամբ կայուն քաղաքներու ստեղծման ու աջակցութեան: