«Երեւան Սիթի Տուր»-ի ծիրէն ներս պիտի գործէ «Գիշերային Երեւան» երթուղին

Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժինը, կարեւոր համարելով բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու եւ մեր համաքաղաքացիներու դիտարկումները, «Երեւան Սիթի Տուր» քաղաքային զբօսաշրջային պաշտօնական ծրագիրին ծիրէն ներս՝ մշակած է նոր երթուղի: Այս մասին կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Օգոստոս 25-էն, ամենօրեայ կանոնաւոր երթուղիներէն բացի, Հանրապետութեան հրապարակէն պիտի մեկնարկէ «Երեւան Սիթի Տուր»-ի «Գիշերային Երեւան» խորագիրով նոր երթուղին: 45 վայրեան տեւողութեամբ այդ երթուղիով՝ մայրաքաղաքի բնակիչները եւ հիւրերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան վայելելու երեկոյեան Երեւանը, մասնակից դառնալու Հանրապետութեան հրապարակի երգող շատրուաններու նոր երաժշտական ծրագիրին, ինչպէս նաեւ շրջելու մայրաքաղաքի իւրօրինակ տեսարժան վայրերը ու բարձունքէն վայելելու երեւանեան համայնապատկերը:

Ծրագիրը պիտի գործէ Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը: Երթուղին նախատեսուած է ժամը 20:30-21:15: Երթուղիի սկիզբն ու աւարտը Հանրապետութեան հրապարակն է: