Օրինաչափութեան Բրիտանական Հիմնարկը (BSI) Զուարթնոցի ուղեւորային համալիրին շնորհած է ԻՍՕ 50001 վկայական` Ուժանիւթի կառավարման համակարգի ոլորտին մէջ, որ կ՝ընդգծէ կառավարող ընկերութեան հաստատակամութիւնը ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան շարունակական բարելաւման հարցով:
Այս մասին կը տեղեկացնեն «Արմենիա» Միջազգային Օդանաւակայաններ ՓԲԸ-էն:
Ծրագիրը գործարկուած է 2015-ին եւ կը նախատեսէ ուժանիւթային խումբի համար ապահովել այնպիսի ընդունելի համակարգ, որմով ուժանիւթի արտադրողականութիւնը պիտի ընդելուզուի չափանիշի կառավարման փորձին: Անիկա կը մանրամասնէ ուժանիւթի օգտագործման, չափման եւ փաստաթղթագրման, ինչպէս նաեւ այնպիսի սարքերու, համակարգերու նախատեսում եւ ձեռքբերում, որոնք կը նպաստեն ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան բարձրացման:
Կազմակերպութեան բոլոր մակարդակներու եւ գործառոյթներու ամբողջական ներգրաւուածութիւնը ապահովեց չափանիշի յաջող կիրառումը, եւ ժամանակին երեւացին արդիւնքները:
«Մենք նպատակ ունինք նուազագոյնի հասցնել ուժանիւթի սպառումը` շարունակական բարելաւման փուլերով աւելցնելով ուժանիւթի արդիւնաւէտութիւնը, ապահովելով մեր ուղեւորներու եւ աշխատակիցներու համար անվտանգ եւ յարմարաւէտ միջավայր:
Մենք չենք կրնար վերահսկել ուժանիւթի գիները, սակայն կրնանք վերահսկել ուժանիւթի կառավարումը մեր մօտ: Ծրագիրին մեկնարկէն յետոյ մեր մօտ կրճատուած են վատնումները, աւելցած է արդիւնաւէտութիւնը, եւ որ շատ կարեւոր է` կրցած ենք ձեւաւորել շարունակական բարելաւման մշակոյթ կազմակերպութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ: Յոյսով եմ նմանատիպ ջանքեր պիտի գործադրուին նաեւ միւս կազմակերպութիւններուն կողմէ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանի մէջ»,- նշած է ԱՄՕ-ի գլխաւոր համակարգող Մարսելօ Վենտէն։