Նոյեմբեր 7 -ին Արագածոտնի մարզի Թալին քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի ամէնէն մեծ՝ 1 մեկաուաթ հզօրութեամբ «Թալին-1» արեւային կայանը, կը հաղորդէ “Նիւզ”-ը:
Այս եզակի նախագիծը արտադրական ծաւալով եւ հնարաւորութիւններով կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի արեւային ուժանիւթի, բնապահպանութեան եւ տնտեսական զարգացման ոլորտներուն համար:
Նախագիծը իրականացուած է հայաստանցի ներդրողներու խումբի (Էդուարդ Մարութեան, Արայիկ Կարապետեան, Զաւէն Սարգսեան եւ Հայկ Չօբանեան) միջոցներով եւ համաֆինանսաւորուած է Գերմանահայկական հիմնադրամի եւ KFW դրամատան կողմէ:
Արեւային կայանի բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեան: