Իրանեան քարիւղով բեռնաւորուած առաջին նաւը հասած է Եւրոպա

«Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ մէկ միլիոն տակառ իրանեան քարիւղով բեռնաւորուած «Մոնթէ Թոլետօ» նաւը 6 մարտին հասած է Եւրոպա:

«Պլումպըրկ»-ի տուեալներով` նշեալ նաւը Իրանէն Եւրոպա տարածքը անցած է 17 օրուան մէջ: «Մոնթէ Թոլետօ»-ն 16 յունուարին Պրիւքսէլի կողմէ 2012-էն ի վեր Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն ջնջումէն ետք, Իրանէն Եւրոպա քարիւղ հասցուցած առաջին նաւն է:

Գործակալութեան տուեալներուն համաձայն, 275 մեթր երկարութեան բեռնանաւը հասած է սպանական «եփսա» ընկերութեան քարիւղի գործարան, որ կը գտնուի Սպանիոյ հարաւային Ալխեսիրաս քաղաքին մէջ: