2018 թուականի սկիզբը ստեղծուած «Արաքս գօտի» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը կ՛ընդլայնէ Արաքսի հովիտի մշակման ռազմավարական ծրագիրը:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ այս մասին ըսած է «Արաքս գօտի» պետական փակ բաժնետիրական ընկերութեան տնօրէն Գրիգորի Սաֆարեան եւ աւելցուցած, որ ընկերութիւնը տարիներով անմշակ հողատարածքները պետական միջոցներով կը մշակէ եւ վարձակալութեամբ կու տայ մշակներուն:
Անոր խօսքով` Արաքսի հովիտի գիւղատնտեսական հողերէն այժմ մշակութեան համար պիտանի է մօտ 3000 հա վարելահող, որմէ կ՛ոռոգուի 1700 հա-ը, այժմ կը մշակուի 56 հա խաղողի այգի, 25 հա նուռի եւ 15.5 հա պտղատու այգիներ՝ սերկեւիլի, արքայախնձորի եւ դեղձի: 2019-ի բերքի տակ մշակուած է շուրջ 1350 հա վարելահող:
«Ընդհանուր առմամբ, տարբեր անձերու կողմէ վարձակալուած է շուրջ 833 հա հող, որուն մէկ մասը, տարբեր պատճառներով, չի մշակուիր: Անոնք, որոնք վարձակալած են եւ չեն մշակեր հողերը, ստիպուած պիտի ըլլան իրեց հողերը զիջելու գործունեայ մենատնտեսներու: Պէտք է նշեմ, որ մեծ ծաւալի աշխատանք կ՛իրականացուի, եւ ներկայիս նոր հողատարածքները պիտանի դարձնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ կը կատարուին»,- մասնաւորապէս նշած է Սաֆարեան:
Հադրութի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Կամօ Պետրոսեան ըսած է, որ Արաքսի հովիտին մէջ գիւղատնտեսները կը զբաղուին ե՛ւ այգեգործութեամբ, ե՛ւ հացահատիկային, ե՛ւ բանջարեղէնի մշակումով:
«Այգեգործութեան ոլորտին մէջ հիմնականօրէն կը մշակուի նուռ: Կը նախատեսուի նաեւ նորերու մշակումը: Ոռոգովի դաշտերը եւս կ’ընդլայնուին: Աշխատուժի հետ կապուած հարցեր կան, որոնք յառաջիկային պիտի կարգաւորուին: Պետական աջակցութիւն կայ, եւ համոզուած եմ, որ այս ծրագիրները պիտի հասնին յաջողութեան, քանի որ մենատնտեսները մեզի կը դիմեն ոչ միայն Արցախէն եւ Հայաստանէն, այլեւ արտերկրէն»,- աւելցուցած է Պետրոսեան: