Համաշխարհային դրամատունը 50 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ Հայաստանին

Համաշխարհային Դրամատան գործադիր տնօրէններու խորհուրդը որոշած է 50 միլիոն տոլար փոխառութիւն յատկացնել Հայաստանին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած են Համաշխարհային դրամատան լրատուական ծառայութենէն։

Միջոցները պիտի ուղղորդուին լայն շրջանակի բարեփոխումներու, որոնք նպատակամղուած են երկրի մէջ գանձային (fiscal), հասարակական եւ բնապահպանական կայունութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ անոր արտադրանքի մրցունակութեան բարձրացման: Այս յատկացումը երրորդն է այն փոխառութիւններու շարքին, որոնք, ընդհանուր առմամբ, կոչուած են օժանդակելու աշխատատեղեր ստեղծելու Հայաստանի կառավարութեան ռազմավարական նպատակին, որ երկրի գլխաւոր մարտահրաւէրն է: