Լոռիի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ պաշտօնապէս սկսած է Եւրոպական Միութեան կանաչ գիւղատնտեսութեան նախաձեռնութիւն ծրագիրը: Ըստ Armenpress.am-ի` ծրագիրը կ’իրականացուի Եւրոպական Միութեան եւ Աւստրիական զարգացման գործակալութեան համատեղ նիւթական աջակցութեամբ:
«Այս ծրագիրը շատ վառ ծրագիր է, որուն միջոցով կրնանք բազմաթիւ ոլորտներու մէջ լուրջ փոփոխութիւնների ունենալ: Մենք կը խրախուսենք կայուն, բնական արտադրանքը: Այս ծրագիրը կ’օգնէ բնապահպանութեան, շրջակայ միջավայրի զարգացման, կ’ապահովէ սնունդի անվտանգութիւնը, նաեւ բաւական մեծ թիւով աշխատատեղեր կը ստեղծէ»,- ըսած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորինը:
Ծրագրի ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ 11,7 միլիոն եւրօ: Ծրագրի ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան համապատասխան պետական կառոյցներուն արհեստագիտական աջակցութիւնը եւ շահագրգիռ կողմերու կարողութիւններուն զարգացումը` կանաչ, ներառական եւ իրաւահեն գիւղատնտեսութեան զարգացում ապահովելու համար: Ծրագրի խոշոր բաղկացուցիչ մասերէն է անմիջականօրէն հողամշակներուն, արտադրողներուն եւ վերամշակողներուն դրամաշնորհներու տեսքով արհեստագիտական աջակցութեան տրամադրումը:
Անտրէա Վիքթորինը նշած է, որ ծրագիրը պիտի իրականացուի Հայաստանի երեք մարզերու մէջ, քանի որ այդպէս աւելի ճշգրիտ հնարաւոր պիտի ըլլայ արձանագրել ծրագրին արդիւնքները:
ԵՄ կանաչ գիւղատնտեսութեան նախաձեռնութիւն ծրագիրը պիտի իրականացուի մինչեւ 2023-ի Մարտ: