British Council-ի նախաձեռնութեամբ Ուքրանիոյ Լվով քաղաքին մէջ գործող PPV Knowledge Networks տնտեսական զարգացման գործակալութիւնը ուսումնասիրած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ կանանց ու աղջիկներու ներգրաւուածութիւնը ստեղծագործական եւ մշակութային ոլորտներու մէջ, որու արդիւնքով պարզուած են շարք մը ուշագրաւ տուեալներ:
Ըստ Հայաստանի ազգային վիճակագրութեան ծառայութեան տուեալներու` 2016 թուականին կանանց եւ տղամարդոց աշխատավարձերու տարբերութիւնը արուեստի, ժամանցի եւ ստեղծարարական ոլորտներու մէջ 9.6% եղած է, մինչդեռ տեղեկատուական եւ հաղորդակցման ոլորտներու մէջ տարբերութիւնը 38.4% է:
Հետազօտութիւնը պարզած է, որ բոլոր երկիրներուն մէջ կանանց մօտ կայ ինքնավստահութեան խնդիր, որու հետեւանքով անոնք աւելի քիչ վարձատրութիւն կը պահանջեն նոյն աշխատանքի դիմաց` ի տարբերութիւն տղամարդոց: Ատիկա կ՛ազդէ կանանց տնտեսական ներգրաւուածութեան եւ իրենց ընտրած ապսարէզի մէջ յառաջխաղացման վրայ:
Հարցախոյզին մասնակցողներուն մեծ մասը նշած են, որ տղամարդիկ հասարակական ճնշման արդիւնքով ցած վարձատրուող աշխատանք չեն կատարեր, որու հետեւանքով ալ արուեստի եւ մշակոյթի ցած վարձատրուող բնագաւառները մեծմասամբ կը զբաղեցնեն կանայք:
Կը նշուի, որ տարածաշրջանին մէջ կանանց ասպարէզի առաջխաղացման խանգարող մշակութային խոչընդոտներ կան, ինչպէս, օրինակ, երեխաներն եւ ծերերը խնամելու կանանց դերը: Յատկապէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ տան տիկնոջմէ դէպի գործարար կին՝ ճանապարհը դժուար է` կապուած համայնքի ճնշման, հասարակական սպասելիքներու, ընտանեկան դաստիարակութեան եւ հասարակական կանոններուն համապատասխանութեան հետ:
Ըստ հետազօտութեան արդիւնքներու` մշակոյթի եւ ստեղծարարութեան ոլորտներու մէջ եւս սեռերու դերային կարծրատիպերը մեծ ազդեցութիւն ունին. Ատոնց պատճառով տղամարդիկ կրնան չհետեւիլ, օրինակ, պալէի պարող դառնալու իրենց ցանկութեան, իսկ կանայք` հեռու կը մնան տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտէն` մտածելով, որ ուսողութիւնը կանանց համար չէ: Դիտարկուած է նաեւ վստահութեան որոշակի տարբերութիւն միեւնոյն աշխատանքը ընող սեռերու միջեւ. այսպէս` ճարտարապետութեան, Տեղեկատուական արհեստագիտութեան, հեռուստատեսութեան եւ այլ ոլորտները մեծապէս զբաղեցուցած են տղամարդիկ, մինչդեռ լուսանկարչութեան, հրատարակչութեան, տեսահոլովակներու հրապարակման եւ այլ ոլորտներու մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն կանայք:
Կը նշուի, որ Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի մէջ տղամարդիկ եւ կանայք քանակապէս հաւասար կ՛աշխատին մշակոյթի ոլորտին մէջ. Ուքրանիոյ մէջ կանանց 54% եւ տղամարդոց 46% յարաբերակցութեամբ, իսկ Վրաստանի մէջ` 48% եւ 52 % համապատասխանաբար:
Ատրպէյճանի մէջ արուեստի եւ ժամանցի ոլորտու մէջ աշխատող կանանց եւ տղամարդոց յարաբերակցութիւնը 63.6% եւ 36.4% է, իսկ տեղեկատուական եւ հաղորդակցման ոլորտներու մէջ` 29.4% եւ 70.3% համապատասխանաբար: