Հայաստանի 7 ամենատեսարժան վայրերը՝ ըստ Լաթվիական լրատուամիջոցի

Լաթվիական Neatkariga լրատուամիջոցը ներկայացուցած է Հայաստանի լաւագոյն 7 տեսարժան վայրերը, որոնք կը հետաքրքրեն զբօսաշրջիկները: Լրատուամիջոցը ցանկը կազմած է Լաթվիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի հետ հարցազրոյցի մը միջոցով:

Առաջին տեղը Էջմիածնի Մայր տաճարն է: Լրատուամիջոցը կ’ընդգծէ, որ անիկա աշխարհի մէջ պահպանուած ամենամեծ քրիստոնէական եկեղեցին է, որ կառուցուած է 301-ին, եւ կը նշէ, որ Էջմիածնի մէջ կան նաեւ այլ յայտնի եկեղեցիներ, թանգարաններ եւ վայրեր, որոնք կապուած են քրիստոնէութեան պատմութեան հետ:

Երկրորդ տեսարժան վայրը Սեւանայ լիճն է: Լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ անիկա Հայաստանի ամենամեծ լիճն է եւ աշխարհի ամենախոշոր բարձր լեռնային լիճերէն մէկը՝ տեղակայուած ծովու մակարդակէն գրեթէ 2000մ բարձրութեան վրայ: Սեւանայ լիճ արժէ այցելել ոչ միայն ամառը, երբ կարելի է թարմանալ ամառնային շոգ օրէ մը ետք՝ այլ տարուան ցանկացած եղանակի եւ, նոյնիսկ, համտեսել հայկական իշխան:

Խոր Վիրապի վանքը լրատուամիջոցի 3-րդ սանդղակին է:
Neatkariga-ն կը նշէ, որ անիկա Հայաստանի ուխտատեղիներէն մէկն է, իսկ բիբլիական Արարատը ամենալաւը տեսանելի է Խոր Վիրապէն: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը բանտարկուած եղած է այնտեղ 13 տարի, կը նշէ լրատուամիջոցը:

Այնուհետեւ կը նշուի Տաթեւի վանական համալիրը: Այնտեղ կարելի է հասնիլ, ըստ «Կինես»-ի չափանիշներու գիրքին, աշխարհի ամենաերկար ճոպանուղիով՝ 5,7 քմ:

Լրատուամիջոցը խորհուրդ կու տայ այցելելու նաեւ Գեղարդի վանական համալիր (10-13-րդ դար), որուն ակունքները կը հասնին 4-րդ դար, երբ քարանձաւի աղբիւրին մօտ հիմնուած է սրբավայրը:

Գեղարդի վանական համալիրէն ետք՝ խորհուրդ կու տայ այցելելու Գառնիի հեթանոսական տաճար, որ կառուցուած է 2000 տարի առաջ: Neatkariga-ն կը նշէ, որ 4-րդ դարուն, երբ Հայաստանը ընդունած է քրիստոնէութիւնը, հեթանոսական բոլոր տաճարները աւերուած են, բայց Գառնիի տաճարը պահպանած է իր գոյությունը մինչեւ 17-րդ դար, երբ փլուզուած է ուժեղ երկրաշարժի մը ժամանակ: Աւելի ուշ տաճարը վերանորոգուած է եւ այսօր անիկա Հայաստանի միակ պահպանուած տաճարն է՝ կառուցուած յունական եւ հռոմէական անտիկ ոճով:

Լրատուամիջոցը իր ընթերցողներուն խորհուրդ կու տայ այցելելու, ի հարկէ, նաեւ մայրաքաղաք Երեւան, նշելով, որ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ կը գտնուին երկրի կարեւորագոյն թանգարանները, ճարտարապետական եւ պատմական յուշարձանները, ինչպէս նաեւ ժամանցի վայրերը: Լաթվիական Neatkariga-ն կը նշէ, որ այստեղ հրաշալի է նաեւ գիշերային կեանքը՝ յագեցած համաշխարհային մակարդակի ճազ-ակումբներով: