TourStar զբօսաշրջութեան ընկերութիւնը պատրաստած է ԱՊՀ-ի ամէնէն տարածուած ուղղութիւններու եւ երթուղիներու վարկանշային ցանկը՝ ռուս զբօսաշրջիկներու հեղինակային շրջագայութիւններուն համար, կը հաղորդէ “Փանորամա”-ն:
Երեւանը, Սեւանը եւ Ջերմուկը Հայաստանի մէջ, Ալմաթին, Ալմաթիի մարզը եւ Պուրապայն ու Աքտաուն Ղազախստանի մէջ, Մինսկը, Մինսկի մարզը եւ Վիթեպսքը Պելոռուսի մէջ, Պաքուն, Շեքին ու Կապալան Ատրպէյճանի մէջ, Պուխարան ու Սամարկանտը Իւզպեքիստանի մէջ ներառուած են ամէնէն աւելի տարածուած ուղղութիւններուն կարգին՝ ԱՊՀ երկիրներուն մէջ՝ հեղինակային շրջագայութիւններու համար:
Վարկանիշը կազմուած է հեղինակային շրջագայութիւններու պահաջքի եւ հանգիստի առաջարկներու շուկայի վերլուծութեան հիման վրայ: