Մարտին Գալստեան. «Հայաստանի տնտեսական աճը 2020-ին բացասական պիտի ըլլայ»

Հայաստանի տնտեսական աճը 2020-ի արդիւնքներով բացասական պիտի ըլլայ` զգալիօրէն աւելի ցած նախորդ կանխատեսումներէն: Այդ մասին յայտարարած է Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարտին Գալստեան` Ազգային Ժողովի ֆինանսավարկային եւ ամավարկի հարցերու յանձնաժողովի նիստին անդրադառնալով «Քորոնա» ժահրի տնտեսական հետեւանքներուն, կը հաղորդէ «Առաւօտ»-ը:

Ան աւեցուցած է, որ անորոշութեան պատճառով` պիտի արձանագրուի նաեւ մասնաւոր սպառման եւ ներդրումներու կրճատում:

Ըստ Գալստեանի` համավարակէն աւելի տուժած ոլորտներն են` կացութիւնն ու սնունդը, փոխադրամիջոցները, զբօսաշրջութիւնը, սպասարկման ծառայութիւնները, շինարարութիւնը:

«Իսկ գիւղատնտեսութեան վրայ ան գրեթէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ»,- նշած է ան:

ԿԴ նախագահը նաեւ յայտնած է, որ գնաճի տոկոսը, ընդհանուր առմամբ, ցած է: Գալստեանի խօսքով` որեւէ զարգացման պարագային կեդրոնական դրամատունը պատրաստ է ապահովելու գիներու կայունութիւնը Հայաստանի մէջ: