2020 թուականի 1 Յունուարէն երրորդ երկիրներէն ներմուծուող 699 ապրանքատեսակի համար կը սկսին գործել ԵԱՏՄ մաքսային դրոյքաչափերը, որ կ’ենթադրէ այդ ապրանքներու գնաճ։ Ապրանքներու ընդհանուր թանկացումը կը կազմէ 0,5 տոկոս։ Նաեւ կը դադրեցուին որոշ ապրանքներու ներկրման համար Հայաստանին տրամադրուած արտօնեալ ժամկէտները, եւ ուժի մէջ կը մտնեն ԵԱՏՄ–ի մէջ սահմանուած նոր մաքսատուրքերը։
2015-ին, երբ Հայաստանը անդամակցեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան, Միութեան անդամ հանդիսացող երկիրներուն մէջ շուրջ 780 ապրանքներու մաքսային դրոյքաչափերը էապէս բարձր էին Հայաստանի մէջ գործող դրոյքաչափերէն։ Հայաստանին անցումային ժամանակահատուած տրուեցաւ հինգ տարի՝ ԵԱՏՄ-ի մէջ գործող մաքսային դրոյքաչափերուն հասնելու համար: Սա կը վերաբերէր նաեւ ինքնաշարժերուն։
Մինչ այսօր Հայաստանի մէջ թեթեւ մարդատար մեքենաներու մաքսազերծման համար սահմանին կը վճարուի 0-էն 20 տոկոս բնապահպանական վճար, 20 տոկոս աւելացուած արժէքի հարկ եւ 10 տոկոս մաքսատուրք: Այսօրուընէ սկսած մնացած վճարները կը մնան նոյնը, սակայն մաքսատուրքը կը բազմապատկուի ըստ մեքենայի շարժիչի աշխատանքային ծաւալի եւ ըստ թողարկման տարեթիւի:
Զէրոյական դրոյքաչափ կը կիրառուի միայն ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններիէն մեքենաներու ներմուծման պարագային: Կը դադրեցուին մասնաւորապէս հացահատիկի, միսի, ձուի, դեղորայքի, ներկրման համար Հայաստանին տրամադրուած արտօնեալ ժամկէտները: Այդ ապրանքները եւս կը թանկանան:
Նշենք նաեւ, որ մինչ այս, վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներով, 2019-ի Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ ապրանքներու ու ծառայութիւններու գիները Սեպտեմբերի համեմատ բարձրացած են 0,6 տոկոսով։
Յունուար մէկէն, մաքսատուրքի փոփոխութեամբ պայմանաւորուած կը թանկանայ 699 անուն ապրանք, այդ շարքին նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները՝ հացը, կաթնամթերքը, միսը, մէկ խօսքով՝ երրորդ երկիրներէն ներկրուող ապրանքները: Օրինակ՝ ընտանի կենդանիներու միսի մաքսատուրքերը 2020-ին պիտի աճին 25%-ով, իսկ յետագային՝ 80 տոկոսով։