Նախարար Քերոբեան. «Այս տարի Հայաստան այցելած է 1,8 միլիոն զբօսաշրջիկ, իւրաքանչիւրը Հայաստանի մէջ կը ծախսէ շուրջ 1200 Տոլար»

Այս տարի Հայաստան այցելած է 1,8 միլիոն զբօսաշրջիկ, իւրաքանչիւրը Հայաստանի մէջ կը ծախսէ շուրջ 1200 տոլար: Ազգային Ժողովին մէջ «ՀՀ 2024 թուականի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքի նախագիծը քննարկելու ատեն այս մասին ըսաւ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը։

Ըստ անոր՝ ներքին զբօսաշրջութեամբ պայմանաւորուած, 1 զբօսաշրջիկէն Հայաստանի պիւտճէ կը մտնէ մօտ 44 հազար դրամ. «Այսինքն՝ մենք խօսում ենք այն մասին, որ ներգնայ զբօսաշրջութիւնից ՀՀ պուտճէ մտնում է մօտ 100 միլիառ դրամ»։

Քերոբեան նաեւ տեղեկացուց, որ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ կառավարութեան ներդրումները վերջին 3 տարուան ընթացքին աճած են 6,5 անգամ՝ 2 միլիառէն մինչեւ 12 միլիառ: