Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան եւ բեռնատար մեքենաներու արտադրութեամբ զբաղող չեխական Tatra ընկերութեան միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կեանքի կը կոչուին: Ըստ «Արմենփրես»ի՝ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան յայտնած է, որ Կոտայքի մարզին մէջ գործարան պիտի հիմնուի:
Նախարարին տեղեկացմամբ` Tatra բեռնատար մեքենաներու արտադրութեան գործարանի հիմնումը կը նախատեսուի Tatra Тrucks եւ Zenon ՍՊԸ-ի միջեւ կնքուած յուշագիրով:
«Ընկերութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ քննարկած ենք Հայաստանի մէջ արտադրութիւն հիմնելու հնարաւորութիւնները»,- նշած է Կարայեան։
Նախարարը չեխ գործարարներու հետ հանդիպած էր դեռ Յունուար 18-ին:
Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ճիրի Վապռան ներկայացուցած էր Երեւանի հանրային փոխադրամիջոցներու զարգացման նախնական առաջարկը:
Ճիրի Վապռան շեշտած էր, որ նախկին ԽՍՀՄ պետութիւններու շարքին Հայաստան առաջին երկիրն է, որուն հետ կազմակերպութիւնը մտադիր է համագործակցելու:
Կողմերը պայմանաւորուած են մշտական կապի մէջ ըլլալ յետագայ աշխատանքները եւ կազմակերպութեան ծրագիրները իրագործելու նպատակով:
Tatra ընկերութիւնը հիմնուած է 1850-ին: Կազմակերպութեան դրամագլուխը կը կազմէ շուրջ 3.7 միլիառ չեխական կրոն (148 միլիոն տոլար):