Տաւուշ հիւսուածեղէնի ընկերութիւնը սկսած է պաշտպանիչ եռաշերտ դիմակներու արտադրութեան` բոլոր չափանիշներուն համապատասխան: Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ի՝ յայտնած է Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չօպանեանէն։
«Օրական արտադրական ծաւալները կը հասնին 300 հազարի: Տաւուշ հիւսուածքեղէնի եւ պարոն Սուրէն Երիցեանի ողջ գործունէութիւնը Տաւուշի մէջ ժողովուրդին ու պետութեանն ապաւէն ըլլալու գերազանց օրինակ է: Շնորհակալ եմ եւ ուրախ, որ դեռ երկար համատեղ ճանապարհ ունինք անցնելու»,- նշած է Չօպանեանը: