Տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 7 ամսուան ընթացքին 6.8 տոկոսով աճած է

Տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը այս տարուան Յունուար-Յուլիս ամիսներուն աճած է 6.8 տոկոսով՝ 2018-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ: Այս մասին կը ներկայացուի ՀՀ ազգային վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներով:

Մասնաւորապէս, զգալիօրէն աճած է արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը՝ 8.4 տոկոսով: Շինարարութեան ծաւալը Յունուար-Յուլիսին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ՝ աճած է 4.5 տոկոսով, ծառայութիւններու ծաւալը՝ 15.2 տոկոսով, իսկ առեւտուրի շրջանառութեան աճը կազմած է 8.9 տոկոս:

2019 Յունուար-Յուլիսին սպառողական գիներուն հաշիւը աճած է 1.9 տոկոսով: Արդիւնաբերական արտադրանքի գիներուն հաշիւը, Յունուար-Յուլիսին, 2018-ի Յունուար-Յուլիսի նկատմամբ պահպանուած է նոյնը, իսկ ելեկտրականութեան արտադրութիւնը նուազած է 5 տոկոսով:

Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը Հայաստանի մէջ, Յունուար-Յուլիսին, 2018-ի նոյն ժամանակին համեմատ աճած է 5.9 տոկոսով՝ կազմելով 178,325 դրամ:

Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն մէջ, այս տարուան Յունուար-Յուլիս ամիսներուն՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ արձանագրած է 2.3 տոկոս աճ: Ի դէպ` արտահանման ծաւալը աճած է 3 տոկոսով, իսկ ներմուծման՝ 1.9 տոկոսով:

Դրամի փոխարժէքը ԱՄՆ տոլարի նկատմամբ 2019 Յունուար-Յուլիսին եղած է 483.07: