2021-ին՝ վերակառուցման ու զարգացման Եւրոպայի դրամատան տարեկան ժողովը պիտի կայացուի Երեւանի մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ՝ Տիգրան Աւինեանն իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է․ «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, կը ցանկամ բոլորիս աշխատանքային օրը սկսիլ շատ լաւ լուրով մը։ Քիչ առաջ ստացեր ենք Վերակառուցման ու զարգացման եւրոպական դրամատան (ՎԶԵԴ) Կառավարիչներու խորհուրդի որոշումը: Ուրախ եմ ձեզ տեղեկացնել, որ Երեւանն ընտրուած է ՎԶԵԴ 2021թ․ տարեկան ժողովի կայացման վայր։

Տարեկան ժողովը Դրամատան կարեւորագոյն միջոցառումն է: Այսինքն՝ 2021-ի գարնան Հայաստանը պիտի ըլլայ #ՎԶԵԴ 69 անդամ երկիրներու, ինչպէս նաեւ այլ հիւրերու ուշադրութեան կեդրոն: Սա կարեւոր ձեռքբերում է ու թէ՛ քաղաքական թէ՛ տնտեսական ոլորտներուն մէջ Հայաստանի գրանցած առաջընթացին տրուած արժանի գնահատական է։

Եւ այս պահէն կը սկսինք աշխատիլ միջոցառումը ամենաբարձր մակարդակով իրականացնելու համար»։