Լիբանանցի ներդրողը 30,000 «Փեքան» ընկոյզի ծառ պիտի տնկէ Հայաստանի մէջ

Լիբանանցի գործարար Նիքոլա Ապու Ֆէյսալ մտադիր է ընդլայնել «Փեքան» ընկոյզի մշակման իր գործը Հայաստանի մէջ, կը հաղորդէ “Փանարմինիըն”-ը:

Նախարար Սուրէն Կարայեան ողջունեց գործարարի նախագիծերը եւ նշեց, որ նախարարութիւնը միշտ պատրաստ է աջակցելու նոր ներդրումներու ներգրաւման եւ ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ քննարկելու ներդրումային ծրագիրներու մանրամասնութիւնները: