Եզրափակուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համահայկական Համաժողովը

Սեպտեմբերի 18-ին Կ. Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ մեկնարկած Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովը հասաւ իր եզրափակիչ հանգրուանին:

Լիագումար նիստին ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը: Համաժողովի մասնակիցներուն իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ներկաները ողջունեց Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը, իսկ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս:

«Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովին կը մասնակցէին աւելի քան 1800 ներկայացուցիչ: Այս տարի զգալիօրէն ընդլայնուած էր մասնակցութեան աշխարհագրութիւնը, համաժողովին կը մասնակցէին աշխարհի 71 երկիրներու հայկական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ, տարբեր երկիրներու պետական հայազգի պատգամաւորներ, նախարարներ, տեղական մարմիններու մէջ ընտրուածներ՝ 1500-է աւելի մասնակից, իսկ Արցախը կը ներկայացնէր 40 մասնակիցներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը: Հայաստանի Հանրապետութենէն համաժողովին կը մասնակցէին շուրջ 400-է աւելի պետական, քաղաքական, մշակութային գործիչներ, գիտնականներ ու լրագրողներ: Մեծ պատուիրակութիւններ ժախմանած էին Ռուսիոյ Դաշնութենէն (259), Ամն-էն (213), Ֆրանսայէն (92), Լիբանանէն (107), Սուրիայէն (44), Իրան (56), Արժանթինէն (35), Գանատայէն, Թուրքիայէն, եւ Վրաստանէն: Առաջին անգամ ըլլալով համաժողովին կը մասնակցէին Մալեզիայէն, Թայլընտէն, Սինկափուրէն, Ճափոնէն, Մեքսիքայի, Եթովպիայէն, Սուտանէն, Միանմարի համայնքներէն ներկայացուցիչներ:

Մասնակիցներու 35 տոկոսէն աւելին կանայք էին, եւ մօտ 20 տոկոսը կը կազմէին երիտասարդները:

Համաժողովի ընթացքին տեղի ունեցան 2 լիագումար նիստեր, ինչպէս նաեւ 4 ուղղութիւններով նախատեսուած 16 թեմատիկ նիստեր՝ նուիրուած Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն՝ ազգային ապահովութեան օրակարգին, արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վերացման, հայապահպանութեան հիմնախնդիրներուն: Համաժողովի ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ 2 կլոր-սեղան-քննարկումներ: Առաջին կլոր-սեղան քննարկումը կը վերաբերէր համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման իսկ երկրորդը՝ նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակի տօնակատարութիւններու կազմակերպման եւ նախնական ծրագրերու քննարկման:

Համաժողովի երկրորդ օրուան լիագումար նիստի ընթացքին հանդէս եկաւ ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը՝ «ՀՀ կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները» թեմայով:

Համաժողովի աշխատանքներու ամփոփիչ նպիստի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանը, ապա 4 ուղղութիւններու պատասխանատուները ներկայացուցին թեմատիկ նիստերու քննարկումներու արդիւնքները:

Արդիւնքներու ամփոփումէն ետք համաժողովը ընդունեց յայտարարութիւն: Համաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուեցան շարք մը մշակութային միջոցառումներ:

Սեպտեմբեր 16-ին Հանքաւանի «Նայիրի սփա ռեզորթս» հիւրանոցային համալիրի տարածքին արդէն բացուած է «Նայիրի» երաժշտական այգի թանգարանը, ուր տեղադրուած են հայ երաժշտութիւնը, երգարուեստը, երաժշտական նուագարանները խորհրդանշող պրոնզաձոյլ հարթաքանդակներով 10 արձան:

Սեպտեմբեր 18-ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէտի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ՝ Նուիրուած Արաքս Մանսուրեանի ստեղծագործական գործունէութեան 50-ամեակին: Սեպտեմբեր 19-ին Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ նշուեցաւ «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի 10-ամեակը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհահռչակ արուեստագէտներ՝ ինչպէս Ռոզի Արմէն, Միշէլ Լը Կրան, Լուսինէ Լեւոնի, Մարիա Քալաս մրցանակի դափնեկիր՝ Էլլատա Չախոյեանի: Զգալի էր ներկայութիւնը երիտասարդ տաղանդաւոր երգիչներու, որոնք աշխարհի տարածքին երգարուեստի մարզին մէջ ունին իրենց ուրոյն տեղը:

Սեպտեմբեր 20-ին համաժողովին մասնակիցները ներկայ գտնուեցան ՀՀ նախագահի բարձր հովանու ներքոյ տեղի ունեցող «Նայիրի» համահայկական երաժշտական փառատօնի կալա համերգին, որու ընթացքին մեծարուեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի արուեստի նշանաւոր գործիչներ:

Սեպտեմբեր 5-29-ը Կոմիտասի թանգարան-ինստիտուտին մէջ «Բարձր արուեստ» կերպարուեստի կեդրոնին «Հայ հաւաքագրողներու ակումբ»ին հետ համատեղ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ «Ընտրանի» ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուեցան 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբին 24 նհայ նշանաւոր արուեստագէտներու 30 ստեղծագործութիւնները՝ բացառապէս մասնաւոր կաւաքածոներէն:

Համաժողովի հովանաւորներն էին «Կրանտ Քենտի» ընկերութիւնը, Երեւանի քոնեակի գործարանը, «Վեդի ալկօ» ընկերութիւնը, «ՋԱՀ» հիմնադրամը, «Նոյեան» հիւթերու հիմնադրամը, «Ջերմուկ կրուփ » ընկերութիւնը, «Ոսկեվազ» գինիի գործարանը, «Սիփան» ընկերութիւնը, «Ավշար-Ալկօ» ընկերութիւնը: Տեղեկատուական հովանաւորներն էին Հայաստանի հանրային, «Շանթ», «Երկիր մեդիա», «Արարատ», «Ար» հեռուտատեսութիւնները, Հանրային ռատիոն, «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը:

Նշենք, որ առաջին համազգային հաւաքը տեղի ունեցած է 1999-ին, Սեպտեմբերին եւ կոչուած է Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողով, 2-րդը՝ 2002 Մայիսին, 3-րդ համահայկական խորհրդաժողովը տեղի է ունեցած 2006 Սեպտեմբերին: Առաջին երեք համաժողովները կազմակերպուած էին ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան կողմէ, իսկ 2011 եւ 2014 թուականներուն՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ: