Իսա Եըլմազ.«Կարսի պատմական յուշարձանները ոչնչացման եզրին են»

ատմական Հայաստանի Կարս քաղաքին մէջ բնակուող թուրք գրող Իսա Եըլմազը խօսած է Կարսի պատմական յուշակոթողներու ներկայ իրավիճակին մասին: Ընդգծելով, որ այս հինաւուրց քաղաքը իր պատմութեամբ կրնայ տեղեկութեան հարուստ աղբիւր ըլլալ ֆիլմի արտադրութեան եւ գրական ստեղծագործութիւններու համար. գրողը մտահոգութիւն յայտնած է, որ առկայ լքուած վիճակին ու անտարբեր վերաբերմունքին պատճառով շատ շուտով Կարսի միակ պատմական յուշարձանը կրնայ մնալ ընդամէնը ու միայն Կարսի  բերդը, կը գրէ Ermenihaber.am-ը:

Թրքական «habertuar.com» լրատուակայքի համաձայն` Եըլմազը յայտարարած է, որ ուրարտուական ժամանակաշրջանէն ի վեր տարբեր քաղաքակրթութիւններու օճախ հանդիսացած Կարսի շարք մը պատմական կառոյցներ ոչնչացման վտանգի տակ են:

Եըլմազը, որ «Հայու մը դին Կարսի մէջ» գիրքին հեղինակն է, հետեւեալ կարծիքը արտայայտած է. «Պատմութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը կը շարունակեն ապրիլ անցեալէն մնացած այն յուշակոթողներու շնորհիւ, ինչպիսիք են պատմական տուները, ամրոցները, հիւրատուները, բաղնիքները: Անոնք արուեստի գործեր են:

«Մինչդեռ, օրինակ, վերջին տարիներուն Կարսի մէջ շարք մը ռուսական տուներ քանդուած են ու անոնց փոխարէն նոր շէնքեր կառուցուած: Անհրաժեշտ է, որ մշակոյթի նախարարութիւնը անմիջապէս արձանագրէ եւ պաշտպանութեան տակ առնէ Կարսի մէջ գտնուող պատմական կառոյցները»: